Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Եւ Արեւմտեան Միւս Երկիրները Չեն Ձգտիր Ոչնչացնել Ռուսիան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

December 6, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Ֆրանսան եւ արեւմտեան միւս երկիրները չեն ձգտիր ոչնչացնել Ռուսիան: Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:

Մաքրոնի կարծիքով` Մոսկուայի մէջ «որոշակի վրդովում» կը զգան եւ կը կարծեն, որ արեւմտեան երկիրները կը ձգտին «Ռուսիան ոչնչացնել»:

«Չեմ կարծեր, որ մեր ձգտումը ատիկա է: Մենք Ֆրանսայի մէջ երբեք նման ձգտում չենք ունեցած: Աւելի՛ն` մշակութային եւ պատմական տեսակէտէն մենք սերտ յարաբերութիւններ ունինք: Եւ մենք միշտ յարգած ենք Ռուսիոյ ժողովուրդը», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ անմիջական կապ կը պահէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որովհետեւ կը կարծէ, որ համագործակցութիւնը վերսկսելու լաւագոյն միջոցը այդ է:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց. «Հակառակ տարակարծութիւններու գոյութեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ խօսակցութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցնելը շատ մեծ սխալ պիտի ըլլայ»:

«Շատ կարեւոր է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ, իբրեւ «Եօթներու խմբակ»-ի ներկայացուցիչներ, Փութինի հետ անգամ մը եւս երկխօսութիւն կատարելու ձգտումը պահպանենք»:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Ուղիներ Կը Փնտռէ Ռուսիոյ Վրայ Ճնշումը Ուժեղացնելու Համար` Միեւնոյն Ժամանակ Զայն Չճանչնալով Իբրեւ Ահաբեկչութեան Հովանաւոր» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

Ուժի Մէջ Մտաւ Եւրոպական Միութեան Ռուսական Քարիւղի Մատակարարման Արգելքը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.