Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամիսներ Տեւած Բողոքի Ցոյցերէն Ետք Իրան Լուծարած Է Բարոյականութեան Ոստիկանութիւնը

December 5, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանցի 22-ամեայ Մահսա Ամինիի մահէն ետք յառաջացած բողոքի ալիքի լոյսին տակ, Իրանի իշխանութիւնները ջնջած են Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Իրանի ընդհանուր դատախազը:

Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Զաաֆար Մոնթազերի յայտարարած է, որ իրաւասու մարմինները ջնջած են Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը:

Մոնթազերիի համաձայն, այդ ոստիկանութիւնը «դատական համակարգին հետ կապ չունէր»:

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերն ու անկարգութիւնները սկսած են սեպտեմբերի կէսերուն: Անոնց պատճառը Բարոյականութեան ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուելէ ետք Մահսա Ամինիի մահն էր: Իրանցի կիներ սկսան զանգուածաբար ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակել տեսանիւթեր, ուր անոնք կը կտրէին իրենց մազերը եւ կ՛այրէին լաչակը: Ցուցարարները յարձակած էին ոստիկաններու, Յեղափոխական պահակագունդի եւ անվտանգութեան այլ ուժերու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու վրայ:

Մոնթազերի նաեւ յայտարարած է, որ Իրանի իշխանութիւնները վերատեսութեան պիտի ենթարկեն լաչակի պարտադիր կրման մասին օրէնքը: «Թէ՛ խորհրդարանը, թէ՛ դատական համակարգը կ՛աշխատին այս հարցին շուրջ», ըսած է Իրանի ընդհանուր դատախազը` առանց մանրամասնելու, թէ իշխանութիւնները  ճիշդ ի՛նչ եւ ի՛նչ ուղղութեամբ կը ծրագրեն փոխել:

«Այլ նորութիւններ կարելի է սպասել 1-2 շաբաթէն, երբ վերլուծական խումբը պիտի պատրաստէ իր զեկուցումը», շեշտած է ընդհանուր դատախազը:

Իրանի մէջ լաչակ կրելու պարտաւորութիւնը 1983 թուականէն ի վեր օրէնսդրօրէն ամրագրուած է, սակայն երկրին մէջ այս հարցին շուրջ համախոհութիւն չկայ: Հարցը կը քննարկուի պահպանողական եւ բարեփոխական շրջանակներու միջեւ: Առաջինները կը պնդեն, որ լաչակը պէտք է պարտադիր ըլլայ, իսկ երկրորդները կ՛առաջարկեն կիներուն իրաւունք տալ որոշելու` գլուխը ծածկե՞լ, թէ՞ ոչ:

 

Նախորդը

Պաքուն Իրանի Քաղաքացիներու Արցախի Հանրապետութիւն Այցելութեան Դէմ Բողոքագիր Յղած Է Թեհրանին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.