Շուէտի իշխանութիւնները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դատապարտեալ անդամ Մահմուտ Աթաթը Թուրքիոյ արտայանձնած են:
Անգարա Սթոքհոլմի վրայ ճնշում կը բանեցնէ` ՕԹԱՆ-ի իր անդամակցութեան դիմաց Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուող խմբաւորումներու դէմ յաւելեալ քայլեր կատարելու:
Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ին անդամակցելուն համար 6 տարի եւ 10 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած եւ 2015-ին Շուէտ փախուստ տուած Մահմուտ Աթաթին Շուէտի մէջ քաղաքական ապաստան ստանալու դիմումը մերժուած էր: Ան շուէտական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած է, ապա հասած Պոլիս:


