Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանական Համագործակցութեան Ընդլայնման ու Քիեւի Աջակցութեան Շարունակման Շուրջ Պայտըն-Մաքրոն Համաձայնութիւն

December 3, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումի ընթացքին համաձայնեցան ընդլայնել պաշտպանական համագործակցութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը:

Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երկու նախագահները գովաբանած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանական յարաբերութիւնները եւ ողջունած երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն 30 նոյեմբեր 2022-ին ստորագրած փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթը, որ կ՛արտօնէ ամրապնդել անջրպետի, համացանցի եւ «չարամիտ ազդեցութիւններուն» դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը:

«Երկու նախագահները մտադիր են ընդլայնել պաշտպանական համագործակցութիւնը յառաջադէմ կարողականութիւններու եւ գլխաւոր ճարտարագիտութիւններու վերաբերեալ, որոնք ապագային վճռորոշ պիտի ըլլան զսպման ու պաշտպանութեան համար», աւելցուց հաղորդագրութիւնը:

Պայտըն ու Մաքրոն յայտնած են, որ իրենց երկիրները պիտի շարունակեն աջակցիլ Քիեւին, ներառեալ անոր տրամադրելով քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական օժանդակութիւններ, ինչպէս նաեւ օդային պաշտպանութեան համակարգերու յանձնումը պիտի արագացնեն:

Ինչ կը վերաբերի Չինաստանի, Պայտըն եւ Մաքրոն խոստացած են «Չինաստանի ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն» իրենց երկիրներու հակադարձութիւնները «համակարգել», եւ ատոր զուգահեռ Չինաստանի հետ միասնաբար գործել կենսոլորտի փոփոխութեան նման միջազգային կարեւոր հարցերու շուրջ:

Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները շեշտած են, որ Իրան երբեք պէտք չէ կարենայ հիւլէական զէնք զարգացնել կամ ձեռք բերել` նշելով, որ իրենց երկիրները կը շարունակեն միջազգային այլ գործընկերներու հետ գործել` դիմակայելու համար «իրանեան հիւլէական մագլցումը»:

Պայտըն Մաքրոնի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ խօսելու, «միայն եթէ վերջինս փափաքի վերջ տալ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան»` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային Փութինի հետ հաղորդակցութիւններ չի ծրագրեր:

Մաքրոն իր կարգին յայտնեց. «Պիտի շարունակենք Փութինի հետ խօսիլ, ես այդ հարցը Պայտընի հետ քննարկեցի»:

«Մենք զիջումներ կատարելու համար Ուքրանիոյ վրայ երբեք ճնշում պիտի չբանեցնենք, եւ ատիկա անոր համար անընդունելի հարց է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ երկարատեւ խաղաղութիւն կ՛ուզենք, ապա պէտք է յարգենք ուքրանացիներն ու այն իրողութիւնը, որ միայն իրենք են բանակցութիւններ կատարելու պայմաններն ու ժամանակը ճշդելու իրաւասու կողմը»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր. «Պայտընի վարչակազմը ուքրանական ղեկավարութեան կոչ ուղղեց Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն նկատմամբ պատրաստակամութիւն ցուցաբերելու»:

Նշենք, որ Մաքրոն Պայտընի հետ իր հանդիպումէն մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու հետ դաշինքը «աւելի քան երբեւէ ուժեղ է», սակայն զգուշացուցած էր «վտանգէն», որ Եւրոպան, մասնաւորաբար Ֆրանսան զոհը դառնան Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ ներկայ առեւտրական մրցակցութեան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Փութին պատրաստ է Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններուն, սակայն անոնց մեկնարկին համար Պայտընի նախապայմանը անընդունելի է:

Նախորդը

Մոսկուա Ռուսիոյ Մէջ Ասատ-Էրտողան Հանդիպումի Կազմակերպման Վրայ Կ՛աշխատի

Յաջորդը

«Ամերիկան Տակաւին Կապի Մէջ Է Ռուսիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.