Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Ուժեղացնել Հարաւային Կովկասի Մէջ Իրենց Դիրքերը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Ուժեղացնել Հարաւային Կովկասի Մէջ Իրենց Դիրքերը

ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Ճուլիըն Սմիթ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ՕԹԱՆ-ի գործունէութեան, Վրաստան-ՕԹԱՆ գործընկերութեան եւ ՕԹԱՆ-ի ու Հայաստան-Վրաստան-Ազրպէյճան եռեակի յարաբերութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց «Ռատար»: Դեսպանը յատկապէս խօսած է ռուս-ուքրանական պատերազմի լոյսին տակ այս երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն մասին: «ՕԹԱՆ-ը ամբողջովին համաձայն է, որ այս երեք երկիրները պէտք է ներկայ գտնուէին այս նախարարական հանդիպումին (Լոծի մէջ ԵԱՀԿ-ի խորհրդաժողով,...

Չինաստանի Նախկին Նախագահ Ցզիան Ցզեմին Մահացաւ

Չինաստանի Նախկին Նախագահ Ցզիան Ցզեմին Մահացաւ

Երէկ 96 տարեկանին մահացած է Չինաստանի նախկին նախագահ եւ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ցզիան Ցզեմինը: Այս մասին հաղորդեց Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը: Ցզիան Ցզեմինը, «որ հիւանդ էր Լէյքոզով եւ ներքին գործարաններու գործունէութեան անբաւարարութեամբ, մահացած է 30 նոյեմբեր 2022-ին` տեղական ժամանակացոյցով ժամը 12:13-ին, Շանկհայի մէջ»: Ցզիան Ցզեմին ծնած է 17 օգոստոս 1926-ին Չինաստանի արեւմտեան Ցզիանսու նահանգին մէջ:...

«Վիեննայի Մէջ Դրական Բանակցութիւններ Ունեցանք,  Եւ Լուծումը Դիւանագիտութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Ցամաքային Զինուորական Գործողութիւնը Առաւել Եւս Պիտի Բարդացնէ Կացութիւնը» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանը կը հասկնայ Սուրիայէն բխող անվտանգութեան սպառնալիքներուն առնչուած Թուրքիոյ մտահոգութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան` Անգարային յիշեցնելով, որ զինուորական գործողութիւնները ոչ թէ պիտի լուծեն խնդիրները, այլ պիտի բարդացնեն կացութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարն ու անոր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուն քննարկած են Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ընդհանուր սահմաններու երկայնքին լարուածութեան սրումը եւ զինուորական բախումները: Ապտոլլահեան ըսած...

Չինաստանը Իսրայէլին Ու Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու Սուրիոյ Վրայ Յարձակումները

Չինաստանը Իսրայէլին Ու Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու Սուրիոյ Վրայ Յարձակումները

Չինաստան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու Սուրիոյ վրայ յարձակումները: Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Չինաստանի դեսպանի տեղակալ Կեն Շուանկ: «Մենք պէտք է խստօրէն պաշտպանենք Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Սուրիոյ ապահովական կացութիւնը կը շարունակէ անկայուն մնալ: Թուրքիան օդային հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ եւ յայտարարած, որ ցամաքային գործողութիւն պիտի կատարէ Սուրիոյ դէմ: Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի օդային հարուածները նոյնպէս...

Անգլիոյ, Կալեսի Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Մէջ Հիւանդապահները Այս Ամիս Աննախադէպ Գործադուլ Պիտի Կատարեն

Անգլիոյ, Կալեսի Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Մէջ Հիւանդապահները Այս Ամիս Աննախադէպ Գործադուլ Պիտի Կատարեն

Բրիտանիոյ հիւանդապահներու սենտիքան երէկ յայտարարեց, որ Անգլիոյ մէջ Ազգային առողջապահութեան ծառայութեան խորհուրդին պատկանող հաստատութիւններէն կէսին, ներառեալ Լոնտոնի մէջ մանուկներու Կրէյթ Օրմոնտ Սթրիթի հիւանդանոցի հիւանդապահները դեկտեմբերին պիտի մասնակցին աննախադէպ գործադուլի` ամսականներու բարձրացում պահանջելով: Սենտիքան յայտնեց, որ Անգլիոյ, Կալեսի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ազգային առողջապահութեան ծառայութեան խորհուրդին պատկանող բոլոր հաստատութիւնները պիտի ազդուին հիւանդապահութեան մարզին մէջ գործող շուրջ 10 հազար անձերու գործադուլէն: Սենտիքայի անդամներուն...

Ծայրայեղ Աջակողմեան Միլիսի Մը Ղեկավարը Քափիթըլ Հիլ Ներխուժման Հարցին Մէջ Դատապարտուած Է Ըմբոստութեան Յանցանքի Համար

Ծայրայեղ Աջակողմեան Միլիսի Մը Ղեկավարը Քափիթըլ Հիլ Ներխուժման Հարցին Մէջ Դատապարտուած Է Ըմբոստութեան Յանցանքի Համար

Ուաշինկթընի մէջ դատարան մը Սթիւըրթ Ռոտզը` «Օթ Քիփըրզ» (Երդումի Պահապանները, «Ա,») ծայրայեղ աջակողմեան միլիսի հիմնադիրը ըմբոստութեամբ ամբաստանեց 6 յունուար 2021-ին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի համակիրներուն Քեփիթըլ Հիլի շէնք ներխուժման մէջ ունեցած դերակատարութեան համար: Ուաշինկթընի մէջ դաշնակցային դատարանի մը առջեւ երեք ամիս երկարած դատավարութեան եւ եռօրեայ քննարկումներէ ետք 12 անձերէ բաղկացած դատական խորհուրդը Ռոտզն ու միլիսին մէջ անոր ընկեր...

«Թուրքիան Պէտք Է Ըլլայ Նոր Աշխարհակարգի Կեդրոնին Մէջ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պէտք Է Ըլլայ Նոր Աշխարհակարգի Կեդրոնին Մէջ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան պէտք է ըլլայ նոր աշխարհակարգի կեդրոնին մէջ, օգտագործէ բոլոր կարելիութիւնները: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Մեր երկիրը պէտք է ըլլայ նոր աշխարհակարգի կեդրոնին մէջ, օգտագործէ փոփոխուող համաշխարհային քաղաքական եւ տնտեսական ճարտարապետութեան բոլոր կարելիութիւնները», երէկ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ պանդոկներու սեփականատէրերու դաշնակցութեան խորհուրդի 7-րդ նիստի ընթացքին ըսաւ Էրտողան:  

«Փութին Ուքրանիոյ Դէմ Պատերազմին Մէջ Կը Փորձէ Ձմեռը Իբրեւ Զէնք Օգտագործել»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«Փութին Ուքրանիոյ Դէմ Պատերազմին Մէջ Կը Փորձէ Ձմեռը Իբրեւ Զէնք Օգտագործել» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադիր է ցուրտը, ձիւնը եւ սառոյցը օգտագործել իր օգտին ոչ միայն մարտի դաշտին մէջ, այլ նաեւ ուքրանացի խաղաղ բնակիչներուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Նախագահ Փութին այժմ կը փորձէ ձմեռը օգտագործել իբրեւ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի զէնք, եւ ատիկա սարսափելի է, եւ մենք պէտք է...

Իրաքի Վարչապետը Թեհրանէն.  «Քաղաքական Կամ Զինուորական Խմբաւորումներուն Պիտի Չարտօնենք Մեր Հողերէն Իրանի Դէմ Գործողութիւններ Շղթայազերծել»

Իրաքի Վարչապետը Թեհրանէն. «Քաղաքական Կամ Զինուորական Խմբաւորումներուն Պիտի Չարտօնենք Մեր Հողերէն Իրանի Դէմ Գործողութիւններ Շղթայազերծել»

Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայահ Սուտանի Թեհրանի մէջ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Քաղաքական կամ զինուորական խմբաւորումներուն պիտի չարտօնենք մեր հողերէն Իրանի դէմ գործողութիւններ շղթայազերծել»: «Պիտի չմոռնանք Իրանի` անցեալ փուլին մեզի տրամադրած ապահովական աջակցութիւնը», նշեց ան` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ իրանեան կողմին հետ մեր գործակցութիւնները»: «Համաձայնութիւն գոյացուցինք Իրաք-Իրան տնտեսական միացեալ յանձնախումբի աշխատանքը...

Փութին Թոքայեւին Առաջարկած Է Ստեղծել Ռուս-Ղազախա-Ուզպեքական Եռամիութիւն

Փութին Թոքայեւին Առաջարկած Է Ստեղծել Ռուս-Ղազախա-Ուզպեքական Եռամիութիւն

Ղազախստանի վերընտրուած նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքայեւ պաշտօնը ստանձնելէն ետք կատարած առաջին արտասահմանեան այցելութեան մեկնած է Մոսկուա, ուր Քրեմլինի մէջ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններէ ետք հանդիպում ունեցած է նաեւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Անոր հետ զրոյցի ընթացքին Թոքայեւ ըսած է, թէ Փութին առաջարկած է ստեղծել Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ուզպեքիստանի եռամիութիւն, որ ի շարս...

«Չինաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Ոսկիէ Դարաշրջանը Մօտեցած Է Աւարտին»  Կ՛ըսէ Սունաք

«Չինաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Ոսկիէ Դարաշրջանը Մօտեցած Է Աւարտին» Կ՛ըսէ Սունաք

Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք յայտարարած է, որ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու այսպէս կոչուած «ոսկիէ դարաշրջանը» մօտեցած է աւարտին` նշելով, որ Բրիտանիոյ շահերուն ու արժէքներուն դէմ Փեքինի համակարգային մարտահրաւէրը աւելի կը սրի: Այս մասին կը հաղորդէ «Կոլոսմերիքի»-ն: Սունաք իր խօսքին մէջ նշած է, որ Չինաստանի նկատմամբ Բրիտանիոյ  մօտեցումը պէտք է փոխուի, իսկ Փեքինը «գիտակցաբար կը պայքարի համաշխարհային ազդեցութեան համար` օգտագործելով պետական իշխանութեան...

Ֆրանչիսկոս Պապը Ըսած Է, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Ամէնէն Դաժանը Չեչեններն Են. Մոսկուան Արձագանգած Է

Ֆրանչիսկոս Պապը Ըսած Է, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Ամէնէն Դաժանը Չեչեններն Են. Մոսկուան Արձագանգած Է

Վատիկանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Աւտէեւ յայտնած է, որ 29 նոյեմբերին այցելած է Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոն: Դեսպանին համաձայն, ինք խիստ բողոք յայտնած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ: Վերջինս մէկ օր առաջ ըսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մասնակցող ռուսական զօրքերու ամէնէն դաժան ներկայացուցիչները չեչեններն են, պուրիաթները եւ այլ մարդիկ, որոնք չեն հետեւիր «ռուսական աւանդութեան»: «Ես վրդովմունք...

«Ռուսիան Կրնայ Մէկ Օրուան Մէջ Քանդել Ուքրանիան»   Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Նախկին Պաշտօնատարը

«Ռուսիան Կրնայ Մէկ Օրուան Մէջ Քանդել Ուքրանիան» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Նախկին Պաշտօնատարը

Սպիտակ տան նախկին պաշտօնատարներէն Փուլ Քրեկ Ռապըրցթ յայտնեց. «Ուքրանիոյ ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումները ցոյց կու տան, որ Ռուսիան կրնայ, առանց հիւլէական ուժի օգտագործման, մէկ օրուան մէջ քանդել երկիրը»: Ան նաեւ նշեց. «Մոսկուան պատմական ընդհանրութիւններու պատճառով դրացի երկրին նկատմամբ զսպուածութիւն կը ցուցաբերէ»: Ռապըրթց ընկերային ցանցերու ճամբով ըսաւ. «Ուքրանիան եւ անոր բնակչութիւնը դարերէ ի վեր Ռուսիոյ մէկ մասն էին, եւ բազմաթիւ խառն ամուսնութիւններ...

Ազրպէյճանի Խորհրդարանին Մէջ Առաջարկած Են Փոխել Երկրին Անունը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանին Մէջ Առաջարկած Են Փոխել Երկրին Անունը

Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կուտրաթ Հասանկուլիեւ առաջարկած է փոխել երկրի անունը` զայն դարձնելով Հիւսիսային Ազրպէյճան: Անոր կարծիքով` Ազրպէյճանի մէջ պետականաշինութեան ուղղուած քայլերը անհրաժեշտ կը դարձնեն նոր սահմանադրութեան որդեգրումը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի անունը փոխելը: Երկիրը պէտք է կոչուի Հիւսիսային Ազրպէյճան: Նաեւ, ինչպէս միւս բաժնուած ժողովուրդներու սահմանումներուն մէջ, գոյութիւն ունին հիւսիս եւ հարաւ...

«Սիսին Շատ Ուրախ Է Քաթարի Մէջ Մեր Հանդիպումով Եւ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Կառուցումը Պիտի Սկսի Նախարարներու Հանդիպումով» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սիսին Շատ Ուրախ Է Քաթարի Մէջ Մեր Հանդիպումով Եւ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Կառուցումը Պիտի Սկսի Նախարարներու Հանդիպումով» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտել Ֆաթթահ Սիսի «շատ ուրախ է» Քաթարի մէջ իրենց հանդիպումով: «Այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանի միջամտութեամբ ու ջանքերով: Հանդիպումը 30-էն 45 վայրկեան տեւեց», աւելցուց Էրտողան: «Այդ հանդիպումը լաւ էր, եւ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու կառուցման հոլովոյթը պիտի սկսի նախարարներու ժողովով», նշեց ան: Էրտողան յայտնեց, որ եգիպտացի եւ...

Մոնտիալի Պելճիքա-Մարոք Մրցումէն Ետք Պրիւքսելի Կեդրոնին Մէջ Անկարգութիւններ

Մոնտիալի Պելճիքա-Մարոք Մրցումէն Ետք Պրիւքսելի Կեդրոնին Մէջ Անկարգութիւններ

Քաթարի մէջ Մոնտիալի խմբային փուլին մէջ Պելճիքայի ազգային խումբին դէմ Մարոքի յաղթանակի տօնակատարութիւնները Պրիւքսելի կեդրոնին մէջ աւարտած են ոստիկանութեան հետ բախումներով եւ անկարգութիւններով,  ապահովական մարմինները ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Պրիւքսելի ոստիկանութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իլզէ վան տէ Քէյրէն: «Տասնեակ մարդիկ, որոնցմէ մէկ քանին փակ դէմքերով, անկարգութիւններ եւ ոստիկանութեան հետ բախումներ կազմակերպած...

«Անգարայի Եւ Դամասկոսի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Դարաշրջանի Սկիզբը Շատ Հաւանական Է» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը

«Անգարայի Եւ Դամասկոսի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Դարաշրջանի Սկիզբը Շատ Հաւանական Է» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը

Անգարայի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն մէջ նոր դարաշրջանի սկիզբը շատ հաւանական է, սակայն համապարփակ համագործակցութեան մասին խօսիլս տակաւին կանուխ է: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Օրհան Միրօղլու: «Շատ դժուար է ըսել, որ Սուրիոյ հետ սկսած է հոլովոյթ մը, որ կարելի է նկատել իբրեւ «ինչպէ՞ս», «ե՞րբ», «որո՞ւ հետ» եւ «ինչո՞ւ» հարցումներու յստակ պատասխան:...

Շանկհայի, Փեքինի Եւ Այլ Քաղաքներու Մէջ Լայնածաւալ Հակակառավարական Բողոքի Ցոյցեր

Շանկհայի, Փեքինի Եւ Այլ Քաղաքներու Մէջ Լայնածաւալ Հակակառավարական Բողոքի Ցոյցեր

Չինաստանի մէջ նոր թափ կը ստանան կառավարութեան հակաքովիտեան քայլերուն աշխուժացման դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին ցուցարարները նաեւ հակակառավարական քաղաքական կարգախօսներ կը հնչեցնեն: Հազարաւոր ցուցարարներ դուրս եկած են Շանկհայի փողոցներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն` մանրամասնելով, որ իր թղթակիցները տեսած են, թէ ինչպէ՛ս մարդոց կը հրեն ոստիկանական մեքենաներու մէջ: Ուսանողները ցոյցեր կատարած են նաեւ Փեքինի եւ Նանքինի համալսարաններուն մէջ: Շանկհայի բողոքի...

Քրեմլին Կ՛ողջունէ Վատիկանի Միջնորդութիւնը Եւ Կը Հերքէ Զապորոժիէի Հիւլէական Կայանէն Հեռանալու Պատրաստակամութեան Մասին Լուրը

Քրեմլին Կ՛ողջունէ Վատիկանի Միջնորդութիւնը Եւ Կը Հերքէ Զապորոժիէի Հիւլէական Կայանէն Հեռանալու Պատրաստակամութեան Մասին Լուրը

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ողջունեց Ուքրանիոյ տագնապին մէջ միջնորդութիւն կատարելու Վատիկանի պատրաստութիւնը` հերքելով այն լուրը, թէ Ռուսիան պատրաստ է հեռանալու Զապորոժիէի հիւլէական կայանէն: Ինրոհոտարի մէջ Ռուսիոյ կողմէ նշանակուած վարչութիւնը երէկ առաւօտեան անդրադառնալով ուքրանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը այն նշումին, թէ ռուսական ուժերը պատրաստ են հեռանալու, յայտարարեց. «Զապորոժիէի հիւլէական կայանը կը շարունակէ մնալ ռուսական վերահսկողութեան տակ: Լրատուամիջոցները կը շարունակեն հրապարակել սուտեր,...

Page 230 of 882 1 … 229 230 231 … 882

Արխիւներ