Լեհաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի 29-րդ հաւաքի ծիրին մէջ 30 նոյեմբերին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի նախարարը «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ միացեալ գործողութիւններու օրակարգով նախատեսուած հետագայ քայլերուն առնչուող հարցեր:
«Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան միշտ միասին են, մէկ ազգ, երկու պետութիւն», գրած է Պայրամով:
Թուրք նախարարը, իր կարգին, ընկերային ցանցի վրայ գրած է, թէ իր ազրպէյճանցի «եղբօր» հետ քննարկած են իրենց օրակարգի ընդհանուր հարցերը, ինչպէս նաեւ ձեռնարկուելիք քայլերը:
«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը միշտ եւ ամէնուր միասին են` ձեռք-ձեռքի», գրառումը եզրափակած է Չաւուշօղլու:


