Ուաշինկթըն ուղիներ կը փնտռէ Ռուսիոյ վրայ ճնշումը ուժեղացնելու համար` միեւնոյն ժամանակ զայն չճանչնալով իբրեւ ահաբեկչութեան հովանաւոր: «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
Անոր համաձայն, Ռուսիոյ` ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու շարքին դասումը կրնայ անկանխատեսելի բացասական հետեւանքներ ունենալ:
«Մենք անընդհատ կ՛ուսումնասիրենք տարբեր գործելաոճեր, զորս կրնանք օգտագործել ճնշումը մեծցնելու համար: Մենք Քոնկրեսին հետ կ՛աշխատինք օրինագիծի մը վրայ, որ մեզի պիտի օգնէ շրջանցել որոշ դժուարութիւններ` առնչուած երկիրը իբրեւ ահաբեկչութեան հովանաւոր ճանչնալու հետ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ պատժամիջոցները, որոնք Ուաշինկթընը կը կիրարկէ Ռուսիոյ դէմ, անմիջական ազդեցութիւն ունին: Պլինքըն ընդգծած է, որ ժամանակի ընթացքին ազդեցութիւնը միայն կը սրի:
Պլինքըն «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ռուսական կողմը Ուքրանիոյ խնդիրը բանակցային եղանակով լուծելու առնչութեամբ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր:
«Դիւանագիտութիւնը միշտ արժէք ունի, եթէ կողմերը, տուեալ պարագային Ռուսիան, իսկապէս հետաքրքրուած են դիւանագիտական համագործակցութեամբ: Սակայն այն, ինչ որ հիմա կը տեսնենք, հակառակի մասին կը խօսի», ըսած է Պլինքըն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք բանակցութիւնները սկսելու փորձ կատարելը իմաստ ունի՞:
Պլինքընի համաձայն, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «ներկայացուցած է առաջարկ, թէ ինչպէ՛ս շարժիլ դէպի խաղաղութիւն»: «Իսկ ի՞նչ ըրաւ Փութինը: Ան կրկնապատկեց, եռապատկեց այն, ինչ որ մինչ այդ ըրած է», ըսած է Պլինքըն:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին համոզումով, այնքան ատեն որ Փութին դիւանագիտական լուծման նկատմամբ անկեղծ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր` խնդիրին բանակցային լուծում պիտի չըլլայ:
Պլինքըն Զգուշացուցած Է Նեթանիահուն
Այսրյորդանանը Կցելէ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պլինքըն նախազգուշացուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն` դէմ արտայայտուելով Այսրյորդանանի` Իսրայէլի կցման:
Կ՛ակնկալուի, որ Նեթանիահուն իշխանութեան պիտի վերադառնայ ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու, ներառեալ «կրօնական սիոնականութեան» հետ համախոհական կառավարութեան կազմութեան գործարքի կնքումէն ետք:
Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու յառաջադէմ իսրայէլամէտ «Ճէյ Սթրիթ» քարոզչական խումբին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորած է Նեթանիահուն` սակայն ընդգծած է. «Մենք կառավարութիւնը պիտի գնահատենք ըստ իր վարած քաղաքականութեան եւ ոչ թէ ըստ անհատներու»:


