Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Իրանցիներու Համար Կոկորդիլոսի Արցունքներ Կը Թափէ» Կ՛ըսէ Քենաանի

December 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի քննադատած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը` Իրանի մէջ ցոյցերու պատճառով Թեհրանի դէմ լրացուցիչ պատժամիջոցներ հաստատելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

«Միացեալ Նահանգները, որոնք կ՛աջակցին ցոյցերուն եւ ահաբեկչութեան, պատժամիջոցներ կը հաստատեն իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ եւ անոր դէմ առաւելագոյն ճնշման արշաւի կը ձեռնարկեն, կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափեն», ըսած է դիւանագէտը:

Քենաանի այսպէս արձագանգած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի յայտարարութեան, որ իրանցի ժողովուրդին աջակցութիւն յայտնած էր` «իշխանութիւններուն կողմէ ճնշման ենթարկուելու համար»: Փրայս յայտարարութիւն կատարած էր ձմեռնային արեւադարձի` Իրանի մէջ նշուող Շապ է Եալդա (Եալդայի գիշեր) տօնին առիթով: Քենաանի աւելցուցած է. «Լաւ պիտի ըլլայ, որ ահաբեկիչներու դաշնակիցները լռեն եւ մտածեն իրենց ճգնաժամերուն մասին, որոնցմէ կը տառապի սեփական ժողովուրդը»:

Միացեալ Նահանգներ 21 դեկտեմբերին պատժամիջոցներ հաստատած են իրանեան «Իմեն Սանաթ Զաման Ֆարա» զրահապատ մեքենաներ արտադրող ընկերութեան եւ քանի մը անձերու դէմ` Իրանի մէջ սկսած բողոքի ցոյցերու պատճառով: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը հաղորդուի, որ սահմանափակումներու ցուցակին մէջ յայտնուած է Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Ժաֆար Մոնթազերին:

Ցուցակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ «Պասիժ» իսլամական ժողովրդական աշխարհազօրային ուժերու ղեկավարի տեղակալ Հիւսէյն Մարուֆին եւ համացանցային անվտանգութեան բաժինի ղեկավար Մուսլեմ Մուէյնը: Իրանի մէջ անկարգութիւնները սկսած են սեպտեմբերին` 22-ամեայ Մահսա Ամինիի յուղարկաւորութենէն ետք: Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը Ամինին բերման ենթարկած էր լաչակը ոչ պատշաճ ձեւով կրելուն համար:

 

Նախորդը

Լիբանանի Քոնկ Ֆուի Թաու Լուի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք. Սատաքա Այնճար Հանդիսացաւ Երկրորդ

Յաջորդը

Քափիթոլի Վրայ Յարձակումի Պատճառը Մէկ Մարդ Եղած Է` Թրամփը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.