Չինաստանը պատրաստ է Ռուսիոյ հետ մերձեցման դիմելու` յանուն աւելի արդար համաշխարհային կառավարման: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը` Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումէն ետք:
«Չինաստանը պատրաստ է Ռուսիոյ մերձենալու` նոր դարաշրջանին մէջ չին-ռուսական յարաբերութիւնները մշտապէս զարգացնելու եւ համաշխարհային կառավարման զարգացումը աւելի արդար ու ողջմիտ ուղղութեամբ միասին խթանելու համար», Չինաստանի ղեկավարի խօսքերը կը մէջբերէ Չինաստանի Կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը:
Տմիթրի Մետվետեւ երէկ` չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, հանդիպում ունեցած է Շի Ճինփինկի հետ. անոր այցելութեան մասին նախապէս չէր յայտարարուած: Ան Չինաստանի ղեկավարին յանձնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուղերձը:
Ռուսական «Վետոմոսթի» օրաթերթը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Չինաստանի նախագահը կրնայ դեկտեմբերի վերջաւորութեան հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ նախագահին հետ:


