Մոսկուայի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փիեռ Լեւին Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ «Ռուսական տան» ղեկավար Տմիթրի Սիթիի դէմ մահափորձի վերաբերեալ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի յայտարարութիւններէն ետք կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Ռուս դիւանագէտները Ֆրանսայի դեսպանին մատնանշած են, որ անընդունելի են Մոսկուայի նկատմամբ մեղադրանքները, թէ ան Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան տարածքին մէջ որոշ ռուսական սեփական զինուորական կառոյցներու միջոցով «քարոզչութիւն» եւ «քաղաքային բնակչութեան նկատմամբ բռնութիւն կը գործէ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փարիզին կոչ ուղղած է զերծ մնալու Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ նոր գաղութատիրական մօտեցումէն, դադրեցնելու հակառուսական ջղագարութիւն հրահրելը, ինչպէս նաեւ ափրիկեցի գործընկերներուն ցոյց տալու, թէ որո՛ւ հետ պէտք է բարեկամանան եւ համագործակցին:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետ Քաթրին Քոլոնա նախապէս «քարոզչութիւն» կոչած էր Տմիթրի Սիթիի գրասենեակին մէջ ոստիկաններու կողմէ առնուած լուսանկարը:


