Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ դատապարտած է Թուրքիոյ` չճանչցուած Քոսովոյին «Պայրաքտար»-ներ մատակարարելու մտադրութիւնը:
«Երբ թուրքերը կ՛ըսեն, թէ Փրիշթինային «Պայրաքտար»-ներ պիտի տան, ատիկա մեզի համար դժուար ու վատ նորութիւն է: Մենք շատ կը յարգենք Էրտողանը, սակայն ատիկա, անկասկած, պիտի ազդէ մեր յարաբերութիւններուն վրայ», «Փինք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Վուչիչ:
Նախագահը ընդգծած է, որ ատիկա կը նշանակէ, որ Սերպիան պէտք է պատրաստ ըլլայ, այսինքն` ունենայ հակաօդային պաշտպանութեան համապատասխան համակարգեր:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ չճանչցուած Քոսովոյի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը սպասէ շուրջ 30 միլիոն եւրոյի ժամանակակից զէնքի մեծ քանակ: Ժամանակակից զէնքով, մասնաւորաբար` հրասանդներով եւ ականներով բեռնաւորուած 11 բեռնատար ինքնաշարժներ նկատուած են Պուլկարիա-Հիւսիսային Մակեդոնիա սահմանին վրայ: Բեռնատարները շարժած են Քոսովոյի եւ Մեթոխիայի ուղղութեամբ:
Սերպական լրատուամիջոցներու տեղեկութեամբ` բեռնատարները ուղարկուած են Թուրքիայէն, իսկ արժէքը 27,5 միլիոն եւրօ է:


