Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց. «Ներկայ գտնուեցայ Յորդանանի մէջ «Պաղտատ 2» խորհրդաժողովին` հաստատելու համար Իրաքին մեր աջակցութիւնը, եւ ժողովի ծիրին մէջ առիթ ունեցայ մտերմիկ զրոյց ունենալու կարգ մը պաշտօնակիցներու հետ, որոնց շարքին` Օմանի, Քաթարի, Իրաքի, Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ»:
Ապտոլլահեան յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան «ինծի յայտնեց իր երկրին Թեհրանի հետ երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը»:
Նշենք, որ երեքշաբթի օր Կարմիր ծովու շրջանին մէջ աւարտեցաւ «Պաղտատ 2» խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայիահ Սուտանին, Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը եւ շարք մը արաբ արտաքին գործոց նախարարներ, որոնց շարքին` Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Պաղտատ 2» խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Անհամբեր կը սպասենք Իրաքի հետ համագործակցութեան, առ ի աջակցութիւն անոր կայունութեան, ժողովրդավարական երթին ու սահմանադրական հոլովոյթին, եւ Յորդանանի, Եգիպտոսի ու Իրաքի միջեւ եռակողմ գործակցութեան մեքանիզմի կարեւորութիւնը կը հաստատենք, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն ու Իրաքի միջեւ գործակցութեան ծրագիրներու կարեւորութիւնը»:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Շրջանային համագործակցութեան ծրագիրները բարի դրացնութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած շինիչ յարաբերութիւններ կը պահանջեն, եւ Իրաքի մէջ սահմանադրական ու օրէնքի պետութեան եւ կառավարութեան ամրապնդման աջակցութիւն կը յայտնենք»:


