Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի Սպիտակ Տուն Այցելեց. Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Մէջ Արդար Խաղաղութեան Կ՛աջակցին»

Դեկտեմբեր 23, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «կը փորձէ ձմեռը իբրեւ զէնք օգտագործել, սակայն ուքրանացի ժողովուրդը կը շարունակէ աշխարհը ներշնչել»:

«Ուքրանիոյ արդար խաղաղութեան հաստատման ձգտումին պիտի աջակցինք», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Պիտի ամրապնդենք Ուքրանիոյ ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը, մասնաւորաբար «Փաթրիոթ» հրթիռային համակարգերու ճամբով հակաօդային պաշտպանութիւնը»:

Նշենք, որ Զելենսքիի Սպիտակ տուն հասնելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ պիտի տրամադրեն 1,85 միլիառ տոլարի յաւելեալ զինուորական օժանդակութիւն, ներառեալ առաջին անգամ ըլլալով «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարում:

Զելենսքի շնորհակալութիւն յայտնեց Պայտընին, Քոնկրեսին ու ամերիկացիներուն` «Ուքրանիոյ իրենց աջակցութեան համար», եւ ընդգծեց. «Պատերազմը տակաւին չէ աւարտած»: Պայտըն իր կարգին նշեց, որ «Ուքրանիոյ համար արդար խաղաղութիւն» կ՛ուզէ:

«Դուք դրական կ՛ընկալէք արդար խաղաղութեան իրագործման համար աշխատանքը, սակայն Փութին այս վայրագ պատերազմը դադրեցնելու նպատակ չունի», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` վստահութիւն յայտնելով, որ արեւմտեան դաշինքը միասնակամ պիտի մնայ Ուքրանիոյ կողքին: «Ես երբեք մտահոգ չեմ դաշինքի տոկունութեան նկատմամբ եւ Ուքրանիոյ նկատմամբ զօրակցութենէն ու աջակցութենէն գոհ եմ», ըսաւ ան:

Զելենսքի հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ «արդար խաղաղութեան» հաստատումը կը նշանակէ Ուքրանիոյ գերիշխանութենէն ու հողային ամբողջականութենէն զիջումներու չգոյութիւն: Պայտըն իր կարգին ըսաւ, որ երբ Զելենսքի պատրաստ ըլլայ Մոսկուայի հետ բանակցելու, «դարձեալ պիտի կարենայ յաջողիլ, որովհետեւ պատերազմի դաշտին մէջ յաղթած պիտի ըլլայ»:

Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ Քոնկրեսին առջեւ խօսք մը արտասանեց:

Ասիկա նախագահ ընտրուելէն ետք Զելենսքիի Միացեալ Նահանգներ կատարած երկրորդ այցելութիւնն է, եւ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական յատուկ գործողութեան սկիզբէն ետք` առաջինը:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Ռուսիան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռուբլիի Վճարումով Հացահատիկ Մատակարարած Է Թուրքիոյ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?