Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Պատրաստ Է Համաձայնութեան Վերջին Նախագիծին Հիմամբ Եզրափակելու Վիեննայի Բանակցութիւնները

December 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձր յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Անոնք քննարկեցին հիւլէական թղթածրարի զարգացումներն ու Իրանի մէջ վերջին անկարգութիւնները:

Պորել «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Յորդանանի մէջ Իրաքի շուրջ վեհաժողովի ծիրին մէջ ժողով գումարած է Ապտոլլահեանի հետ եւ անոր հետ համաձայնած հաղորդակցութիւնը շարունակելու եւ Վիեննայի բանակցութիւններուն հիմամբ հիւլէական համաձայնութեան շուրջ աշխատանքը վերականգնելու շուրջ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իրանեան դիւանագիտութեան պետը Պորելին յայտնած է, որ Իրան պատրաստ է Վիեննայի բանակցութիւնները եզրափակելու` ամիսներու վրայ երկարած լուրջ ու մանրամասն բանակցութիւններուն լոյսին տակ գոյացած նախագիծին հիմամբ:

Ապտոլլահեան դատապարտած է արեւմտեան երկիրներու` անկարգութիւններ կատարողներուն աջակցելու եւ մարդու իրաւունքները պաշտպանելու «մտացածին» պատրուակներով Իրանի դէմ ապօրինի պատժամիջոցներ հաստատելու վարքագիծը:

Նշենք, որ երէկ Յորդանանի մէջ գումարուեցաւ Իրաքի հարցով վեհաժողով մը, որուն կը մասնակցէին Ֆրանսան, Իրանն ու Սէուտական Արաբիան:

Ապտոլլահեան վեհաժողովի ընթացքին յայտնեց, թէ Պորելին յայտնած է. «Պատրաստ ենք հիւլէական համաձայնագիրը կնքելու` յարգելով մեր կարմիր գիծերը»:

Նախորդը

Հայաստանի 10 Լաւագոյն Մարզիկներու Թեկնածուները

Յաջորդը

Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Նախաձեռնութեամբ` Ահազանգելով Արցախի Շրջափակման Դէմ` Լիբանանահայ Գաղութը Վերահաստատեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախի Ժողովուրդին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.