Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ Մաան նահանգի փոխոստիկանապետ Ապտելռազաք Ապտելհաֆեզ Տալապիհի սպանութեան կասկածելիի թաքստոց ներխուժումի ընթացքին իր անդամներէն 3-ը զոհուած են եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած:
Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կասկածելին որակեց իբրեւ «հաւատադրժողական գաղափար կրողներէն մէկը» եւ նշեց, որ հետագային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ:
Նշենք, որ Յորդանանի մէջ քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակուին վառելանիւթի գիներու դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնք սկսան բեռնակառքերու վարորդներու բողոքի ցոյցով` հասնելով մինչեւ շուկաներու եւ առեւտրական խանութներու փակում:
Յորդանանի ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ նախարարաց խորհուրդն ու խորհրդարանը չեն ուզեր, որ երկրին մէջ կացութիւնը այսպէս մնայ:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ վառելանիւթի գիներու եւ ապրուստի սղաճի դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ոստիկան մը մահացած էր, իսկ ուրիշներ` վիրաւորուած: