Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան յատուկ յանձնախումբը, որ 6 յունուար 2021-ին Քափիթոլի վրայ կատարուած յարձակումին առնչուած հետաքննութիւն կը կատարէ, զեկուցում հրապարակած է իր գործունէութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
845 էջնոց փաստաթուղթի հրապարակման առնչութեամբ յատուկ յանձնախումբի նախագահ, Միսիսիփի նահանգը ներկայացնող դեմոկրատական քոնկրեսական Պենի Թոմսըն յայտարարած է, որ ըստ զեկուցումին, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «որոշած է փորձել բազմաբաղադրիչ ծրագիրի միջոցով պաշտօնին վրայ մնալ, չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններու արդիւնքները եւ արգելակել իշխանութեան յանձնումը:
«Գոյութիւն ունեցող վկայութիւնները մեզ կը տանին համոզիչ եւ հաստատ եզրակացութեան, որ 6 յունուարի իրադարձութիւններուն հիմնական պատճառը եղած է մէկ մարդ` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որուն հետեւած են շատերը: Առանց անոր չէին կրնար տեղի ունենալ 6 յունուարի իրադարձութիւնները», կը նշուի զեկուցումին մէջ:
Թրամփի կողմնակիցները 6 յունուար 2021-ին ներխուժած էին Քոնկրեսի շէնք` արգիլելու համար երկրին մէջ 2020 թուականի նոյեմբերին կայացած նախագահական ընտրութեան արդիւնքներու հաստատումը:


