Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը «Եւրոպական Երկիրները Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Մէջ Են» Յայտարարած Է, Մոսկուա Բացատրութիւն Պահանջած Է

Յունուար 28, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «Թելեկրամ»-ի վրայ ըսած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացատրութիւն կը պահանջէ գերմանական կողմէն` Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի` «եւրոպական երկիրները Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ են» յայտարարութեան մասին:

Զախարովա նշած է, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելի ուշ յայտարարած է, որ Քիեւին աջակցութիւն ցուցաբերելը Գերմանիան չի դարձներ Ուքրանիոյ տագնապի կողմ:

«Անոնք կը հասկնա՞ն, թէ ինչի մասին կը խօսի: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կ՛ըսէ, որ իր երկիրը, այլ երկիրներու հետ, կը պատերազմի Ռուսիոյ դէմ: Մինչդեռ նոյն նախարարութիւնը իր երկիրը չի նկատեր տագնապի կողմ», գրած է Զախարովա:

Ան իր գերմանացի գործընկերներուն կոչ ուղղած է բացատրելու կացութիւնը:

«Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է կառոյցի ղեկավար Աննալենա Պերպոքի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ըսած էր. «Մենք կը պատերազմինք Ռուսիոյ դէմ, ոչ թէ իրարու դէմ»:

«Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին այս «մէջբերումը» ակնթարթօրէն ցրուած է համաշխարհային լրատուամիջոցներուն մէջ` յառաջացնելով զարմանք եւ քննադատութիւն», գրած է գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը` բացատրելով, որ Պերպոքի այս խօսքերը կը հակասեն Գերմանիոյ կառավարութեան դիրքորոշումին. վարչապետ Օլաֆ Շոլցը բազմիցս ընդգծած է, որ Գերմանիան պէտք չէ դառնայ պատերազմի մասնակից: Պատասխանելով «Պիլտ»-ի խնդրանքին` Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացատրութիւններ տուած է Պերպոքի արտայայտութեան վերաբերեալ:

«Ռուսիան դաժան պատերազմ կը մղէ Ուքրանիոյ դէմ: Ատիկա նաեւ պատերազմ է եւրոպական աշխարհակարգի եւ միջազգային իրաւունքի դէմ: 24 յունուարին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներու հետ հանդիպումին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Պերպոք ընդգծած է, որ Եւրոպան պէտք է միասնաբար կանգնի ընդդէմ այս պատերազմին», նշուած է նախարարութեան պատասխանին մէջ:

 

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Արթուր Քարտաշեան Միացաւ Վանին

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ

RelatedPosts

Նեթանիահու Եւ Պայտըն Քննարկած Են  «Իրանեան Սպառնալիք»- ը
Միջազգային

Պայտըն. «Իսրայէլ Չի Կրնար Շարունակել Այս Ուղիով Ընթանալ, Եւ Նեթանիահուն Մօտ Օրէն Պիտի Չհրաւիրեմ». Նեթանիահու Կ՛արձագանգէ

Մարտ 30, 2023
«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի  Ջանքերուն Նկատմամբ Մեր Կեցուածքը  Պիտի Փոխենք, Միայն Եթէ Դրական  Զարգացումներ Տեսնենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Միջազգային

«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի Ջանքերուն Նկատմամբ Մեր Կեցուածքը Պիտի Փոխենք, Միայն Եթէ Դրական Զարգացումներ Տեսնենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Մարտ 30, 2023
Զելենսքի. «Պախմութի Մէջ Ուքրանական Ուժերու  Պարտութիւնը Պիտի Ստիպէ Ռուսիոյ Հետ  Փոխզիջումնային Լուծում Գտնելու»
Միջազգային

Զելենսքի. «Պախմութի Մէջ Ուքրանական Ուժերու Պարտութիւնը Պիտի Ստիպէ Ռուսիոյ Հետ Փոխզիջումնային Լուծում Գտնելու»

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In