Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Բարեկամական Եւ Եղբայրական Յարաբերութիւնները Հիմնուած Են Անքակտելի Մշակութային Ու Պատմական Կապերու Վրայ»

January 31, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւնները հիմնուած են անքակտելի մշակութային ու պատմական կապերու վրայ: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կիրակի օր յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի:

Իրանի նախագահը իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնած է` Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Օրխան Ասկերովի մահուան համար, եւ վիրաւորներուն մաղթած շուտափոյթ ապաքինում:

Իրանի կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ յարձակման մանրամասնութիւնները կը հետաքննուին համապատասխան մարմիններուն կողմէ:

Իրանի նախագահը յայտարարած է, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնները «պիտի չարտօնեն, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները խաթարուին թշնամիներու կողմէ»:

Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ Ռայիսիի ցաւակցութեան համար` ըսած է. «Ասիկա անսպասելի յանցագործութիւն էր, սակայն այս ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը պէտք է ըլլայ այնպէս, որ ոչ ոք նման միջադէպերու պատրուակով կարենայ խախտել երկու երկիրներուն բարեկամական յարաբերութիւնները»:

Յիշեցնենք, որ 27 յունուարին տեղի ունեցած էր Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակում մը, որուն պատճառով մահացած էր Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Օրխան Ասկերովը, իսկ այլ անձ մը վիրաւորուած էր:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նուժում Պէյրութ` 3-2

Յաջորդը

Պլինքըն. «Իրանի Մէջ Վարչակարգի Փոփոխութեան Որոշումը Կը Պատկանի Ժողովուրդին»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.