Իրան պիտի ձեռնարկէ անյապաղ եւ խիստ քայլերու` ի պատասխան Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական խմբաւորումներու կամ պատժամիջոցներու ցուցակին ներառելու վերաբերեալ որեւէ քայլի: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամետ Պաղեր Քալիպաֆ:
«Յեղափոխական պահակագունդին դէմ քայլերու պարագային, Իրանը շրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան երկիրներու բանակները իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորումներ պիտի ճանչնայ», ըսած է խորհրդարանի նախագահը:
Անոր համաձայն, Իրան պատրաստ է պատասխան արձագանգի:
«Մենք արեւմտեան երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք լաւ մտածելու` դիւանագիտութեան պատուհանը չփակելու համար: Անոնք չեն կրնար մէկ կողմէ պնդել, որ բանակցութիւններու դռները բաց են, իսկ միւս կողմէ` պաշտօնապէս հակադրուիլ քաղաքական կառուցուածքի ու ինքնութեան այն հատուածին, որ կը պատկանի Իրանի ժողովուրդին», աւելցուցած է Քալիպաֆ:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը յայտարարած է, որ Իրանի խելացի ժողովուրդը քաջ կը գիտակցի, որ նման բանակցութիւնները միայն պիտի աւարտին տնտեսական ու քաղաքական շահերու շահագործումով եւ ազգային պատիւի թուլացումով:
«Իրանի ժողովուրդը երբեք պիտի չենթարկուի նման պարտուողական հոլովոյթին: Ուստի, եթէ Եւրոպան համաձայնագիրի անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ, պէտք է իր ուղին տարանջատէ համաձայնագիրի հակառակորդներէն», ընդգծեց ան:
Եւրոպական խորհրդարանը 19 յունուարին հաւանութիւն տուած է այն բանաձեւին, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ներառել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ` ենթադրեալ ահաբեկչական գործունէութեան, ցուցարարները ճնշումներու ենթարկելու եւ Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարելու համար:
Ի պատասխան` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն ամիր Ապտոլլահեան եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի այս մտադրութիւնը կոչած է «Եւրոպայի կողմէ սեփական ոտքին կրակելու գործողութիւն»: Ան Եւրոպային կոչ ուղղած է` մտածելու իր ներքին մղումնային մտադրութեան բացասական հետեւանքներուն մասին եւ անցնիլ Իրանի հետ կառուցողական յարաբերութիւններու:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ յայտարարեց. «Առանց դատավճիռի նման որոշում չի կրնար տրուիլ, նախ պէտք է ըլլայ դատարանի որոշումը: Կարելի չէ ոեւէ մէկը ահաբեկիչ որակել, որովհետեւ ան քեզի հաճելի չէ»: