Միջազգային

Ուժեղ Երկրաշարժներ Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Մէջ  Աւեր Ու Բազմաթիւ Զոհեր Պատճառեցին.  Ուժգին Ցնցումները Զգացուեցան Նաեւ Լիբանանի Մէջ

Ուժեղ Երկրաշարժներ Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Մէջ Աւեր Ու Բազմաթիւ Զոհեր Պատճառեցին. Ուժգին Ցնցումները Զգացուեցան Նաեւ Լիբանանի Մէջ

Երկուշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն (Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 3:20-ին) 7,4 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը, եւ անոր շուրջ 40 երկվայրկեան տեւած ցնցումը ուժեղ կերպով զգացուեցաւ Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի, Իսրայէլի, Յունաստանի եւ մինչեւ իսկ Եգիպտոսի նահանգներուն մէջ: Գերմանական երկրաբանական հետազօտման կեդրոնին համաձայն, երկրաշարժին ուժգնութիւնը 7,7 ռիխթըր էր: Երէկ կէսօրին, առաջին երկրաշարժէն շուրջ 12 ժամ ետք, այս անգամ 7,5 ռիխթըր...

Ուաշինկթըն Վար Առաւ Չինական  Օդապարիկը. Փեքին Կը Բողոքէ

Ուաշինկթըն Վար Առաւ Չինական Օդապարիկը. Փեքին Կը Բողոքէ

Փեքին բողոք յայտնած է Ուաշինկթընի դէմ Միացեալ Նահանգներու օդային տարածքին մէջ չինական օդապարիկի ջախջախման խոցման համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը նշած է, որ չինական կողմը բազմիցս տեղեկացուցած է ամերիկեան կողմին, որ օդապարիկը քաղաքային առարկայ է եւ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած է հարկադիր կացութեան պատճառով: Սակայն «ամերիկեան կողմը պնդած է...

Թուրքիոյ Մէջ Միջազգային  Կազային Հանգոյցի  Ստեղծման Աշխատանքները Մուտք  Գործած Են Եզրափակիչ Փուլ

Թուրքիոյ Մէջ Միջազգային Կազային Հանգոյցի Ստեղծման Աշխատանքները Մուտք Գործած Են Եզրափակիչ Փուլ

Թուրքիոյ տարածքին մէջ միջազգային կազային հանգոյցի ստեղծման աշխատանքները մտած են եզրափակիչ փուլ: Առաջին առեւտրական հոլովոյթը կը նախատեսուի կատարել այս տարի: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ: «Թուրքիոյ մէջ բնական կազի բաշխման եւ առեւտուրի կեդրոնի ստեղծման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին: Մենք կը պատրաստուինք առաջին առեւտրական գործողութիւնը կատարել արդէն այս...

«Թուրքիան Շրջանցած Է Պատժամիջոցները  Եւ Զինուորական Նշանակութեան Ամերիկեան  Ապրանք Վաճառած Ռուսիոյ»  Կը Հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

«Թուրքիան Շրջանցած Է Պատժամիջոցները Եւ Զինուորական Նշանակութեան Ամերիկեան Ապրանք Վաճառած Ռուսիոյ» Կը Հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հաղորդումով, Թուրքիան շրջանցած է Մոսկուայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ ամերիկեան արտադրութեան ելեկտրոնային սարքեր, պահեստամասեր ու այլ ապրանք վաճառած Ռուսիոյ: Այդ արտադրութեան մէկ մասին պատուիրատուն Ռուսիոյ բանակն է: Ըստ ամերիկեան օրաթերթին, առնուազն 13 թրքական ընկերութիւններ Ռուսիոյ շուկայ հասցուցած են առնուազն 18 միլիոն 500 հազար տոլարի ռետինէ արտադրանք, տարատեսակ փոխադրամիջոցներ եւ այլ ապրանքներ: Օրաթերթը բացայայտած է, որ արտադրութիւնը...

Զելենսքի. «Ուքրանիան Կրնայ Արդէն  Այս Տարի Եւրոպական Միութեան Հետ Սկսիլ  Անդամակցութեան Բանակցութիւններուն»

Զելենսքի. «Ուքրանիան Կրնայ Արդէն Այս Տարի Եւրոպական Միութեան Հետ Սկսիլ Անդամակցութեան Բանակցութիւններուն»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է, թէ շատ հաւանական է, որ իր երկիրը արդէն այս տարի սկսի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու բանակցութիւններուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին նշած է Քիեւի մէջ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու հետ հանդիպելէն ետք: Ուրբաթ Քիեւի մէջ տեղի ունեցած է Ուքրանիա-Եւրոպական Միութիւն վեհաժողովը, որուն մասնակցած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, Եւրոպական Միութեան արտաքին...

«Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելուն  Կը Խոչընդոտեն Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւնները»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելուն Կը Խոչընդոտեն Ահաբեկչական Կազմակերպութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները խոչընդոտներ կը ստեղծեն Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ճամբուն վրայ: «Ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ականներ կը դնեն, յատկապէս Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ճամբուն վրայ: Շուէտը յատուկ կը կանգնի ատոնց վրայ: Ան կրնայ զանոնք մաքրել, եթէ ցանկայ», ըսած է Չաւուշօղլու: Ան ընդգծած է, որ թրքական կողմը չի կրնար պարգեւատրել անոնք, որոնք չեն կատարեր համաձայնութիւնները: Թուրքիոյ...

Ըստ «Նէօէ Ցիւրխըր Ցայթունկ»-ին.  Պայտըն Առաջարկած Է Խաղաղութեան  Դիմաց Ուքրանիոյ Տարածքի  Շուրջ 20 Առ Հարիւրը Տալ Ռուսիոյ

Ըստ «Նէօէ Ցիւրխըր Ցայթունկ»-ին. Պայտըն Առաջարկած Է Խաղաղութեան Դիմաց Ուքրանիոյ Տարածքի Շուրջ 20 Առ Հարիւրը Տալ Ռուսիոյ

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ յունուարի կէսերուն խաղաղութեան ծրագիր առաջարկած է Քիեւին եւ Մոսկուային: «Քոմերսանթ» կը գրէ, որ նման յայտարարութիւն կատարած է «Նէօէ Ցիւրխըր Ցայթունկ» օրաթերթը: Ըստ զուիցերիական օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Պըռնզը ուղարկած է Քիեւ եւ Մոսկուա` խաղաղութեան դիմաց Ուքրանիոյ տարածքի շուրջ 20 առ հարիւրը ռուսական կողմին փոխանցելու առաջարկով: Հրատարակութեան տուեալներով` երկու կողմերն ալ մերժած են առաջարկը: Կը...

Ալիեւ Իրանցի Իրաւապահները  Կը Մեղադրէ Անգործութեան Մէջ

Ալիեւ Իրանցի Իրաւապահները Կը Մեղադրէ Անգործութեան Մէջ

«Իրանի ոստիկանութիւնն ու անվտանգութեան ուժերը որեւէ լուրջ քայլի չեն ձեռնարկած Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումին ընթացքին», Պաքու հասած թրքական պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ահաբեկիչը չէզոքացուած է դեսպանատան աշխատակիցի հերոսական ջանքերուն շնորհիւ, ատոր շնորհիւ ալ կանխարգիլուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միւս աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն վրայ յարձակումը»,...

Ազրպէյճան Պիտի Միանայ Մարդու  Իրաւունքներու Եւրոպական Հռչակագիրի  Մահապատիժի Արգիլման Արձանագրութեան

Ազրպէյճան Պիտի Միանայ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Հռչակագիրի Մահապատիժի Արգիլման Արձանագրութեան

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական խորհուրդին մէջ երկրի մնայուն ներկայացուցիչ Ֆահրատին Իսմայլովին ցուցմունք տուած է ստորագրելու Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու եւրոպական հռչակագիրի 13-րդ արձանագրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստացած է այդ մասին Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնապէս տեղեկացնելու յանձնարարութիւն: Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու եւրոպական հռչակագիրի 13-րդ արձանագրութեան միացած երկրին մէջ մահապատիժ...

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին.  «Կեղտոտ Ձեռքերդ Վերցո՛ւր  Թուրքիոյ Վրայէն»

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Կեղտոտ Ձեռքերդ Վերցո՛ւր Թուրքիոյ Վրայէն»

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու երկրի որոշ դաշնակիցները մեղադրած է երկիրը ապակայունացնելու փորձի եւ Պոլսոյ Իսթիքլալ փողոցին մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մասին տեղեկատուութիւն թաքցնելու յանցանքով: «Որոշ երկիրներ, որոնք յայտնի են իբրեւ «բարեկամներ եւ դաշնակիցներ», որդեգրած են «ինչ որ ալ ըլլայ, միայն թէ ոչ կայուն Թուրքիա» դիրքորոշումը: Արդեօք մենք չե՞նք գիտեր, որ Իսթիքլալ փողոցին մէջ կատարուած յարձակումի ետին...

Փենթակոն Միացեալ Նահանգներու  Երկինքին Վրայ Չինաստանի Հետախուզական  Օդապարիկ Յայտնաբերած Է

Փենթակոն Միացեալ Նահանգներու Երկինքին Վրայ Չինաստանի Հետախուզական Օդապարիկ Յայտնաբերած Է

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը քանի մը օրէ ի վեր երկրի հիւսիսային մասին վերեւ կը հետեւի հետախուզական օդապարիկին: Այս մասին ըսած է Փենթակոնի բանբեր Փաթրիք Ռայտըր: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթի աղբիւրներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը կարծեն, որ 3 փոխադրակառքի մեծութեամբ օդապարիկը արձակած է Չինաստանը: «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ի տուեալներով` օդապարիկը յայտնաբերուած է չորեքշաբթի, 1 փետրուարին, Մոնթանայի Պիլինկզ քաղաքի երկինքին վրայ, ան թռած-անցած է նաեւ...

«Փաթրիոթ» Հրթիռային Համակարգերէն  ու «Ապրամզ» Հրասայլերէն Ետք.  Ուաշինկթըն Համաձայնած Է Հեռահար  Ռումբեր Ուղարկել Ուքրանիա

«Փաթրիոթ» Հրթիռային Համակարգերէն ու «Ապրամզ» Հրասայլերէն Ետք. Ուաշինկթըն Համաձայնած Է Հեռահար Ռումբեր Ուղարկել Ուքրանիա

Ամիսներ տեւած քննարկումներէ ետք, Միացեալ Նահանգներ համաձայն գտնուած են հեռահար ռումբեր ուղարկելու Ուքրանիա: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները: Ուաշինկթըն ցամաքային ռումբեր պիտի մատակարարէ իբրեւ 2,17 միլիառ տոլար օգնութեան մաս: Ամիսներ շարունակ ամերիկեան իշխանութիւնները չէին կրնար որոշում կայացնել հեռահար զէնքի համակարգեր Ուքրանիա ուղարկելու շուրջ` զգուշանալով, որ անոնք պիտի օգտագործուին Ռուսիոյ մէջ գտնուող թիրախներու դէմ`...

Ծերակուտականները Պայտընին Կոչ Կ՛ուղղեն  Յետաձգելու Թուրքիոյ Հալածիչներու Վաճառքը

Ծերակուտականները Պայտընին Կոչ Կ՛ուղղեն Յետաձգելու Թուրքիոյ Հալածիչներու Վաճառքը

Միացեալ Նահանգներու երկու քաղաքական կուսակցութիւնները ներկայացնող խումբ մը ծերակուտականներ նախագահ Ճօ Պայտընէն պահանջած են յետաձգել «ԷՖ-16» հալածիչներու վաճառքը Թուրքիոյ, մինչեւ Թուրքիան հաստատէ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու դիմումները: «Քոնկրեսը չի կրնար քննարկել Թուրքիոյ հետագայ աջակցութիւնը, ներառեալ «ԷՖ-16» օդանաւերու վաճառքը, մինչեւ Անգարան չաւարտէ անդամակցութեան արձանագրութիւններու վաւերացումը», ըսած է դեմոկրատական ծերակուտական Ճին Շահին: Անոր հետ նախագահին ուղղուած այս կոչը ստորագրած են հանրապետական...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Ուժանիւթի Հարցերով  Փոխօգնականը Կ՛այցելէ Պաքու

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Ուժանիւթի Հարցերով Փոխօգնականը Կ՛այցելէ Պաքու

Եռօրեայ այցելութեամբ Պաքու հասած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ուժանիւթային դիւանագիտութեան հարցով օգնականի տեղակալ Լաուրա Լոհմընը: Ան երէկ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին համաձայն, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի այցելութեան նպատակն է քննարկել Ուաշինկթընի աջակցութիւնը Ազրպէյճանի ուժանիւթային նախագիծերուն, ինչպէս նաեւ Պաքուի դերը Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութեան ապահովման հարցին...

Նշելով, Որ Մոլտովան  Պիտի Ըլլայ Յաջորդ Ուքրանիան.  Լաւրով. «Ուաշինկթըն Ուղղակի Կերպով  Մեղսակից Է «Նորտ Սթրիմ»  Խողովակաշարի Ականահարման»

Նշելով, Որ Մոլտովան Պիտի Ըլլայ Յաջորդ Ուքրանիան. Լաւրով. «Ուաշինկթըն Ուղղակի Կերպով Մեղսակից Է «Նորտ Սթրիմ» Խողովակաշարի Ականահարման»

Արեւմուտքը «յաջորդ Ուքրանիոյ» դերին համար այժմ «կը դիտարկէ» Մոլտովան, անոր նախագահ Մայա Սանտուն պատրաստ է գրեթէ ամէն ինչի: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Լաւրով: Պատասխանելով «Ռուսիոյ շուրջ գտնուող երկիրներէն ո՞ր մէկը կրնայ Ուքրանիոյ ուղիով ընթանալ» հարցումին` Լաւրով ըսաւ. «Հիմա այդ դերին համար կը դիտարկեն Մոլտովան: Նախ, որովհետեւ անոնք (Արեւմուտքը) կրցան շատ...

«Թել Աւիւ Պատասխանատու Է Իսֆահանի  Յարձակումին, Եւ Իրաւունք Ունինք Հակադարձելու»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Իրանի Դեսպանը

«Թել Աւիւ Պատասխանատու Է Իսֆահանի Յարձակումին, Եւ Իրաւունք Ունինք Հակադարձելու» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Իրանի Դեսպանը

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Ամիր Սայիտ Իրուանի երէկ յայտնեց. «Նախնական հետաքննութիւնները ցոյց կու տան Իսֆահանի մէջ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին Թել Աւիւի պատասխանատուութիւնը»: Դեսպանը մատնանշեց, որ Իրանի կենսական ենթակառոյցներու թիրախաւորումը «միջազգային օրէնքի խախտում» կը նկատուի, եւ աւելցուց. «Սիոնական գոյացութիւնը պէտք է հաշուետուութեան կանչուի Իրանի դէմ իր գործած բոլոր ոճրային ու ահաբեկչական արարքներուն համար»: «Թեհրան ինքն իրեն կը վերապահէ իր ազգային...

Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ  Պիտի Տրամադրեն Մինչեւ 150 Քիլոմեթր  Հեռահարութեամբ Հրթիռներ

Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Պիտի Տրամադրեն Մինչեւ 150 Քիլոմեթր Հեռահարութեամբ Հրթիռներ

Միացեալ Նահանգներ մտադիր են մօտիկ ապագային Ուքրանիոյ տրամադրել մինչեւ 150 քիլոմեթր հեռահարութեամբ հրթիռներ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները: Շուէտ-ամերիկեան նախագիծով պատրաստուած այս հրթիռները կ՛արձակուին նաեւ ՀԱՅՄԱՐՍ համակարգերէն եւ կրնան խոցել տասնեակ քիլոմեթրներ հեռաւորութեան վրայ շարժող թիրախները: Մինչեւ հիմա ուքրանական բանակին ամերիկացիներու եւ այլ դաշնակիցներու կողմէ մատակարարուող հրթիռներու հեռահարութիւնը 80 քիլոմեթրէն քիչ մը աւելի էր: Անոնք եւս...

Փարիզի Մէջ Կենսաթոշակային Տարիքը  Բարձրացնելուն Դէմ Բողոքի  Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Փարիզի Մէջ Կենսաթոշակային Տարիքը Բարձրացնելուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Երէկ Փարիզի մէջ Նափոլիէոն Պոնափարթի գերեզմանին մօտ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ մահակներ օգտագործած է` կենսաթոշակային բարեփոխումներուն դէմ բողոքող ցուցարարները ետ մղելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Ատկէ առաջ ամբողջ երկրի տարածքին տեղի ունեցած են գործադուլներ եւ ցոյցեր, որոնց մասնակցած են աւելի քան 1,2 միլիոն քաղաքացիներ, որոնք դէմ են կենսաթոշակային տարիքը 62-էն 64-ի բարձրացնելուն: «Փարիզեան երթը, որուն կը մասնակցէին...

Էրտողան. «Շուէտը Թող Զուր Տեղը Ժամանակ  Չվատնէ, Անգարան Պիտի Չհաստատէ ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Անոր Դիմումը»

Էրտողան. «Շուէտը Թող Զուր Տեղը Ժամանակ Չվատնէ, Անգարան Պիտի Չհաստատէ ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Անոր Դիմումը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան պիտի չհաստատէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու դիմումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանին մէջ իր գլխաւորած իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսած է, որ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան հարցը կրնայ դրականօրէն լուծուիլ: «Շուէտը թող զուր տեղը ժամանակ չվատնէ, որովհետեւ դուք կ՛արտօնէք, որ մեր սուրբ...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննարկած Են  Սպառազինութիւններու Վերահսկման Հարցերը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննարկած Են Սպառազինութիւններու Վերահսկման Հարցերը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով երէկ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են սպառազինութիւններու վերահսկման որոշ հրատապ հարցեր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Թրէյսի մէկ օր առաջ առաջին անգամ ըլլալով այցելած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն` իր հաւատարմագիրները յանձնելու նպատակով: Զինք ընդունած...

Page 222 of 882 1 … 221 222 223 … 882

Արխիւներ