Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիան չի կրնար աջակցիլ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու դիմումին, եւ Անգարան պատրաստ պիտի ըլլայ կրկին քննարկելու այդ հարցը, եթէ Սթոքհոլմ կատարէ իր պարտաւորութիւնները:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ այս մասին ըսած է Պուտափեշտի մէջ` Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոյի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, ՕԹԱՆ-ի ստեղծման գաղափարը ի սկզբանէ հիմնուած էր ռազմաքաղաքական պլոքի անդամ բոլոր երկիրներու անվտանգութեան ապահովման խնդիրին վրայ:
«Ուստի բոլոր թեկնածու երկիրները, ներառեալ Շուէտն ու Ֆինլանտան, պէտք է հաշուի առնեն անվտանգութեան ոլորտին մէջ Անգարայի դիրքորոշումը», ընդգծած է Չաւուշօղլու:
«Մենք տեղեակ ենք Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անվտանգութեան առաջնահերթութիւններուն, եւ նոյն մօտեցումը կ՛ակնկալենք սկանտինաւեան երկու երկիրներէն», ընդգծած է Չաւուշօղլու:


