Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Իրանի Մէջ Վարչակարգի Փոփոխութեան Որոշումը Կը Պատկանի Ժողովուրդին»

January 31, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսած է, որ Իրան մերժած է հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալու ներկայ առաջարկը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն տակաւին կը կարծէ, որ դիւանագիտութիւնը ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցն է իրանեան հիւլէական ծրագիրի հարցը լուծելու համար:

Պլինքըն «Արապիա»-ի տուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ ըսած է, որ իրանցի երիտասարդները կը պաշտպանեն իրենց հիմնական իրաւունքները Թեհրանի վարչակարգին դէմ առ դէմ:

Պլինքըն կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Իրանի ժողովուրդին` ընդգծելով, որ «վարչակարգի փոփոխութեան» որոշումը, ի վերջոյ, կը մնայ ժողովուրդին:

«Իրանի վարչակարգը իր ժողովուրդը կը համոզէ, որ Միացեալ Նահանգներ վարչակարգի փոփոխութիւն կ՛ուզեն», աւելցուցած է ան:

Բացի ատկէ, ան ընդգծած է, որ Իրան Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ կ՛աջակցի Ռուսիոյ եւ անօդաչու թռչող սարքեր ու այլ զինատեսակներ կը տրամադրէ: Ան այս առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած է:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վճռական է այն հարցին մէջ, որ Իրանին պիտի չարտօնէ ձեռք բերել հիւլէական զէնք` բացատրելով, որ սեղանի վրայ են բոլոր տարբերակները` Իրանի կողմէ հիւլէական զէնք ձեռք բերելը կանխարգիլելու համար:

Նշենք, որ Պլինքըն ձեռնարկած է միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը, որուն ծիրին մէջ 29 յունուարին այցելեց Եգիպտոս, իսկ երէկ` Իսրայէլ, ապա` Այսրյորդանան:

 

Նախորդը

Ռայիսի. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Բարեկամական Եւ Եղբայրական Յարաբերութիւնները Հիմնուած Են Անքակտելի Մշակութային Ու Պատմական Կապերու Վրայ»

Յաջորդը

Փենթակոն Կը Հերքէ Իսֆահանի Մէջ Զինուորական Գործարանին Վրայ Կատարուած Յարձակումի Փորձին Միացեալ Նահանգներու Մեղսակցութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.