Պաքու կ՛առաջարկէ ընդլայնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կազմը` իսլամական եւ ոչ յանձնառու երկիրներու հաշուոյն:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Եգիպտոսի նախագահին հետ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պնդելով, թէ անհրաժեշտ է «բարեփոխել ՄԱԿ-ը»:
«Իմ խօսքերէս մէկուն մէջ ես ըսած եմ, որ նման բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւն կայ: Կը կարծեմ, որ Ապահովութեան խորհուրդի կազմը պէտք է ընդլայնի: Մէկ մնայուն տեղ պէտք է վերապահուի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամներուն, եւ մէկ այլ մնայուն անդամի տեղ պէտք է յատկացուի Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին», ըսած է Ալիեւ` համոզում յայտնելով, որ նման քայլը «արդարացի պիտի ըլլայ»:
Ազրպէյճան կ՛անդամակցի Ալիեւի թուած երկու կազմակերպութիւններուն:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մաս կը կազմեն 5 մնայուն եւ 10 ոչ մնայուն անդամ երկիրներ:


