Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ

January 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դէմ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որուն ընթացքին սպաննուեցաւ Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու` դեսպանատան պաշտպանութեան համար պատասխանատու աշխատակիցը:

«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թեհրանի ոստիկանապետ զօր. Ռահիմիի համաձայն, յարձակումին հեղինակը ուրբաթ առաւօտեան զէնքով ներխուժած է Ազրպէյճանի դեսպանատուն, երբ դեսպանատան աշխատակիցներէն մէկը մուտք գործած է շէնք:

«Այս անձը այսօր առաւօտեան զէնքով մտած է Ազրպէյճանի դեսպանատուն, անոր յարձակումին պատճառով մէկ մարդ սպաննուած է, երկուքը` վիրաւորուած: Ոստիկանութեան արագ գործողութիւններուն շնորհիւ յարձակողը անմիջապէս ձերբակալուած է. սկսած է հետաքննութիւն», ըստ իրանեան լրատուամիջոցներուն ըսած է Ռահիմին:

Թեհրանի ոստիկանապետը աւելցուցած է, որ յարձակումին հեղինակը դեսպանատուն մտած է իր երկու անչափահաս երեխաներուն հետ: «Նախնական քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ յարձակողի շարժառիթները եղած են անձնական եւ ընտանեկան խնդիրները», նշած է ան:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջադէպը ահաբեկչութիւն նկատեց եւ պահանջեց սեղմ ժամկէտներու մէջ գտնել մեղաւորներն ու պատասխանատուութեան ենթարկել զանոնք:

Ալիեւ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Կը պահանջենք այս ահաբեկչութիւնը կարելի եղածին չափ արագ հետաքննել եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկել: Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու վրայ ահաբեկչական յարձակումները անընդունելի են»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ըսած է. «Մենք չենք հաւատար, որ Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակումը կատարուած է անձնական կամ ընտանեկան շարժառիթով: Մենք կը դատապարտենք այս յարձակումը եւ Իրանի կառավարութենէն կը պահանջենք անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել` սադրիչները բացայայտելու համար: Իրանեան կողմը պէտք է քայլերու ձեռնարկէր մեր դեսպանատան վրայ յարձակումին դէմ:

«Թեհրանը պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ Իրանի մէջ հակաազրպէյճանական արշաւին դէմ: Վերջին ամիսներուն իրանեան լրատուամիջոցներուն մէջ հակաազրպէյճանական լայնածաւալ քարոզչութիւն կատարուած է, ինչ որ խթան հանդիսացած է յարձակումին համար: Ազրպէյճան միշտ եղած է Իրանի հետ բարի դրացիութեան կողմնակից, սակայն նման սադրանքները բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան: Յարձակումին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ իրանեան կողմը»:

«Աշխատանք կը տարուի դեսպանատան անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ, ծրագրաւորում կը կատարուի Ազրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցներու տարհանման հարցով», ըսած է Հաճիզատէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի ցաւակցութիւն յայտնեց սպաննուածի ընտանիքին եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` նշելով. «Ոստիկանութիւնն ու ապահովական մարմինները անմիջապէս միջամտեցին եւ ձերբակալեցին յանցագործը, որ ներկայիս հետաքննութեան կ՛ենթարկուի»:

«Երկրի քաղաքական ու ապահովական իշխանութիւններուն յատուկ հրամանով հարցին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի առաջնահերթութեան ու նրբութեան բարձր աստիճանով` ճշդելու համար այս արարքին հանգամանքներն ու յարձակողին դրդապատճառները», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Առնչակից կողմերու եւ կառոյցներու կողմէ կատարուած նախնական հետաքննութիւններու արդիւնքները այս յարձակումին ետին անձնական դրդապատճառներու գոյութիւնը ցոյց կու տան»:

«Հետաքննութեան ամբողջացումէն ետք այս հարցին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին», ըսաւ Քենաանի:

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը «Եւրոպական Երկիրները Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Մէջ Են» Յայտարարած Է, Մոսկուա Բացատրութիւն Պահանջած Է

Յաջորդը

ԵԽԽՎ-ն Կը Պահանջէ Ուքրանիոյ Դէմ Պատերազմի Միջազգային Դատարան Ստեղծել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.