Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Կը Հերքէ Իսֆահանի Մէջ Զինուորական Գործարանին Վրայ Կատարուած Յարձակումի Փորձին Միացեալ Նահանգներու Մեղսակցութիւնը

January 31, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը ներգրաւուած չեն եղած  Իրանի դէմ հարուածներուն: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի բանբեր Փաթրիք Ռայտըր նման յայտարարութիւն կատարած է իրանեան Իսֆահանի մէջ զինուորական գործարանի վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի փորձի լոյսին տակ:

Լրատու գործակալութեան համաձայն, Ռայտըր հրաժարած է այլ մեկնաբանութիւններէ:

Ամերիկացի քանի մը այլ պաշտօնատարներ, որոնց անունները չեն նշուիր, գործակալութեան յայտնած են, որ Ուաշինկթըն առնչութիւն չունի Իսֆահանի մէջ տեղի ունեցածին հետ:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կիրակի օր հաղորդած էր, որ Իրանի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող Իսֆահան քաղաքին մէջ ուժեղ պայթում տեղի ունեցած է: Աւելի ուշ Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ շաբաթ «Քուատքոփթըր» տիպի 3 անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով անյաջող յարձակում կատարուած է պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոններէն մէկուն վրայ: Սարքերէն մէկը վար առնուած է, միւս երկուքն ալ ինկած են պաշտպանական թակարդներն ու պայթած: Ոչ ոք վնասուած է, արձանագրուած է նիւթական փոքր վնաս: Յայտարարութեան մէջ չի նշուիր, թէ Թեհրանի կարծիքով ո՛վ եղած է յարձակումին հեղինակը:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», վկայակոչելով ամերիկեան պաշտօնատարներ եւ այլ լաւատեղեակ աղբիւրներ, կիրակի օր գրած է, որ Իսրայէլ կանգնած է Իսֆահանի մէջ յարձակումի փորձի ետին:

Իրանցի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսֆահանի մէջ յարձակումը յաջող չէր, եւ իսրայէլեան աղբիւրներու խօսքերը պարզապէս ձախողութիւնը ծածկելու ծառայող գովազդ են»` նշելով. «Գործողութեան նախնական տուեալները ցոյց կու տան Իսֆահանի յարձակումին Իսրայէլի մեղսակցութիւնը»:

«Հաւանական վարկածները ցոյց կու տան, թէ անօդաչու թռչող սարքերը թռիչք առած են Իրանի ներսէն, եւ թիրախ դարձած դիրքի մօտէն», ըսաւ ան` նշելով. «Իսրայէլ շատ լաւ գիտէ, որ պատասխան պիտի ստանայ, եւ ատիկա նախապէս տեղի ունեցած է առանց աղմուկի եւ յայտարարութիւններու առատութեան»:

Յիշեցնենք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կիրակի օր հաղորդած էր, որ երեք անօդաչու թռչող սարքերը իրանեան հողերէ թռիչք առած են:

«Ուաշինկթըն ինքզինք զանց կը կացուցէ յարձակումէն, որովհետեւ գիտէ, թէ ձախող էր, եւ Թեհրանը պիտի չմղէ իր քաղաքականութիւնը փոխելու», աւելցուց իրանցի պաշտօնատարը:

Նախորդը

Պլինքըն. «Իրանի Մէջ Վարչակարգի Փոփոխութեան Որոշումը Կը Պատկանի Ժողովուրդին»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.