Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Կացութիւնը Փակուղային Է» Կ՛ըսէ Ռիապքով

February 1, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան գոյութիւն ունեցող բոլոր միջոցներով պիտի հակազդէ Միացեալ Նահանգներու` Ռուսիան ռազմավարական պարտութեան մատնելու գիծին: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

Ան նշած է. «Մեր յարաբերութիւնները փակուղի հասցուցած են Ուաշինկթընի հակառուսական գիծը, որ վերջին տարիներու ընթացքին տարուէ տարի, ամիս առ ամիս կարծրացած է… Այս ամբողջ կացութիւնը անվտանգութեան ոլորտին մէջ, ներառեալ սպառազինութիւններու վերահսկումը, պատանդ վերցուած է Միացեալ Նահանգներու` Ռուսիան ռազմավարական պարտութեան մատնելու գիծին կողմէ», յայտարարած է Ռիապքով:

Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան կը պատրաստուի ամէնէն վճռական կերպով դիմակայելու ատոր` օգտագործելով իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր գործելաոճերն ու միջոցները:

Ռիապքով «Սփութնիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իմ կարծիքովս, Ուաշինկթըն եւս պատրաստ է ուքրանական տագնապի լուծման որեւէ լուրջ նախաձեռնութիւն ուսումնասիրելու, սակայն մինչեւ հիմա ոչ ոք զայն բանաձեւած է»:

«Ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ Ուաշինկթըն Քիեւին հրասայլեր մատակարարելու իր որոշումը յայտարարեց, ինչպէս նաեւ անոր հետեւորդներուն ներառեալ Օթթաուայի` Ուքրանիոյ մասնաւորաբար հին զրահապատ մեքենաներ մատակարարելու մրցակցութեան լոյսի տակ, անօգուտ է ո՛չ միայն ուքրանացիստներուն (ուքրանական իշխանութիւններուն, «Ա.») հետ, այլ նաեւ այդտեղի խամաճիկ վարչակարգը կառավարողներուն (արեւմտեան պետութիւններուն, «Ա.») հետ խօսիլը», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

«Յստակ է, որ Ամերիկան ո՛չ միայն ուքրանական տագնապի հիմնական ազդակն է, այլ նաեւ գլխաւոր շահ ապահովողն է», ըսաւ Ռիապքով:

«Ուաշինկթըն Ուքրանիան իր զինուորական ճարտարարուեստի արտադրութիւնները փորձերու բեմ կը նկատէ, այնտեղ տարբեր զէնքերու համակարգեր, ներառեալ արդիական հեռահար համակարգերն ու անոնց օգտագործման ձեւերը կը փորձուին, դիմակայելու համար ռուսական զէնքերը», յայտնեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիտըրզ-Հուփս` 71-63

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Ներկայ Պայմաններուն Մէջ Չի Կրնար Աջակցիլ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.