Երկուշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն (Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 3:20-ին) 7,4 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը, եւ անոր շուրջ 40 երկվայրկեան տեւած ցնցումը ուժեղ կերպով զգացուեցաւ Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի, Իսրայէլի, Յունաստանի եւ մինչեւ իսկ Եգիպտոսի նահանգներուն մէջ:
Գերմանական երկրաբանական հետազօտման կեդրոնին համաձայն, երկրաշարժին ուժգնութիւնը 7,7 ռիխթըր էր:
Երէկ կէսօրին, առաջին երկրաշարժէն շուրջ 12 ժամ ետք, այս անգամ 7,5 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիան: Երկրաշարժի յետցնցումը 6,3 ռիխթըր ուժգնութեամբ էր: Երկրաշարժի ցնցումը զգացուեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի սեւծովեան Պաթումի քաղաքին մէջ: Կէսօրէ ետք 5,5 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մըն ալ հարուածեց թրքական սեւծովեան Սաքարիա շրջանը:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնեց, որ երկրաշարժին պատճառով քանի մը շրջաններու մէջ յայտարարուած է տագնապի բարձրագոյն մակարդակ, որ կ՛ենթադրէ միջազգային օգնութեան խնդրանք:
Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հաղորդումով` երկրաշարժին յաջորդած է 22 յետցնցում, որոնցմէ վերջինին ուժգնութիւնը կազմած է 6 ռիխթըր: Յետցնցումներէն ամէնէն հզօրին ուժգնութիւնը կազմած է 6,6 ռիխթըր:
Լուրջ աւերներ արձանագրուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ: Երկրին հիւսիսը գտնուող Հալէպ քաղաքի որոշ շրջաններուն մէջ շէնքեր փուլ եկած են: Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին տուեալներով` Համայի Արպաաին թաղամասին մէջ քանի մը շինութիւն մասնակի փուլ եկած է: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի աղբիւրին համաձայն, Սուրիոյ Լաթաքիա շրջանին մէջ եւս շէնք փուլ եկած է եւ քանի մը հատը վնասուած: Վնասուած է նաեւ Թարթուսի շրջանը:
Սուրիոյ թանգարաններու եւ տեսարժան վայրերու վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Համամ Սաատ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան յայտնած է. «Մենք տեղեկութիւններ ստացած ենք Հալէպի ամրոցի ճեղքերու մասին եւ մասնագէտներու խումբ ուղարկած ենք` տեղի զննումին եւ վնասը գնահատելու համար»:
Սուրիոյ մէջ երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած է 911 զոհ եւ 2280 վիրաւոր:
Հալէպի մէջ երկրաշարժի պատճառով մահացած են հալէպահայ մայր եւ որդի Միրնա եւ Ալպեր Թէնէքէճեանները, իսկ ընտանիքին հայրն ու դուստրը հիւանդանոց փոխադրուեցան, երբ անոնց բնակած շէնքը փուլ եկաւ: Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին նիւթական թեթեւ վնասներ կրեց: Քեսապի մէջ մեծ վնասներ կրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու կարգ մը տուներ վնասուած են:
Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ սուրիական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Հալէպի մէջ երկրաշարժին պատճառով ամբողջովին փուլ եկած է 40 տուն:
Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ ամբողջ թաղամաս մը քանդուեցաւ, իսկ Լաթաքիոյ մէջ աւելի քան 60 շէնք փուլ եկաւ:
Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած է 1651 զոհ եւ 11.119 վիրաւոր: Աւելի քան 2824 շէնք քանդուած է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մալաթիոյ մէջ հայ ընտանիքի մը պատկանող բնակարանի փլուզման պատճառով երկու մարդ զոհուած է: Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Ալեքսանտրէթի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցին վնասուած է:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Այնթապի մէջ փուլ եկած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած պատմական ամրոցը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ամերիկեան օժանդակութեան միջազգային գործակալութեան եւ դաշնակցային կառավարական այլ գործընկերներու ցուցմունք տուաւ գնահատելու Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն ամէնէն շատ վնասուած շրջաններուն օգնութեան տրամադրման ընտրանքները:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ են քանդիչ երկրաշարժին վերաբերեալ տեղեկութիւններուն նկատմամբ»` նշելով. «Մենք որեւէ օգնութիւն տրամադրելու համար կապի մէջ ենք թուրք պաշտօնատարներու հետ, եւ պիտի շարունակենք Անգարայի հետ համակարգաբար մօտէն հետեւիլ կացութեան»:
Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտարարեց փրկարարներու երկու օդանաւ Թուրքիա ուղարկելու պատրաստակամութեան մասին:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ցաւակցութիւն յայտնեց` Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնելով երկրաշարժի հետեւանքներուն դիմակայման օժանդակելու:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու հզօր երկրաշարժէն վնասուած Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ:
Մաքրոնի համաձայն, Ֆրանսան պատրաստ է շտապ օգնութիւն ցուցաբերելու աղէտի շրջաններուն մէջ վնասուածներուն: «Մեր միտքերը ուղղուած են զոհերու ընտանիքներուն», գրեց ան:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ճգնաժամային կառավարման հարցերով յանձնակատար Եանեշ Լենարչիչ յայտնած է. «Այսօր առաւօտեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք մենք աշխուժացուցած ենք Եւրոպական Միութեան քաղաքային պաշտպանութեան մեքանիզմը: Եւրոպական Միութեան արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման համակարգող կեդրոնը կը համակարգէ փրկարարական խումբերու Եւրոպայէն ուղարկումը: Հոլանտայի եւ Ռումանիոյ խումբերը արդէն ճամբան են», ըսած է ան:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ դաշինքը շտապ կերպով օգնութիւն կը հաւաքէ Թուրքիոյ երկրաշարժէն վնասուածներուն:
«Մենք մեր լիակատար համերաշխութիւնը կը յայտնենք դաշնակից Թուրքիոյ` այս սարսափելի երկրաշարժին կապակցութեամբ: Ես կապի մէջ եմ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, ՕԹԱՆ-ի գծով դաշնակիցները այժմ օժանդակութիւն կը պատրաստեն», գրած է Սթոլթենպերկ:
Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնելով բնական աղէտի հետեւանքներու դիմակայման օժանդակութիւն տրամադրելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Ցաւակցութիւն կը յայտնենք Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն` այսօր առտու զանոնք հարուածած քանդիչ երկրաշարժին առիթով»: Ան ընդգծեց, որ Իրան պիտի կատարէ այդ երկիրներուն օժանդակելու իր մարդկային եւ կրօնական պարտաւորութիւնները:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս երկու երկիրներուն մէջ արձանագրուած զոհերու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնելով պատրաստակամութիւն յայտնեց «ահաւոր այդ աղէտի հետեւանքներուն դիմակայման համար օժանդակութիւն տրամադրելու»:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրոմ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով ըսաւ, որ իր երկիրը պատրաստ է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ օժանդակութիւն տրամադրելու:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Յառաջիկայ ժամերուն Անգարայի հետ իսրայէլեան փրկարար առաքելութիւն ուղարկելու շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյացնենք»: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Նեթանիահու նաեւ Սուրիոյ օժանդակութիւններու առաքումը յայտարարած է:
Թուրքիոյ կառավարութենէն յայտնած են, որ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցած ուժեղ երկրաշարժին պատճառով երկրին տարածքով անցնող խողովակաշարերը չեն վնասուած:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութենէն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան ու Քերքուք-Ճէյհան խողովակաշարերը չեն վնասուած եւ անոնց միջոցով վառելանիւթի մատակարարումները կը շարունակուին»:
Նախքան այդ ծովային փոխադրումներով զբաղող «Թրայպեքա» ընկերութիւնը հաղորդած էր, որ երկրաշարժին պատճառով Ճէյհանի քարիւղային ծայրամասը ժամանակաւոր կերպով կը դադրեցնէ աշխատանքը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց. «Երկրաշարժի լոյսին տակ թրքական լիրայի փոխարժէքն ու Պոլսոյ սակարանի հիմնական ցուցանիշները կտրուկ նուազած են»:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ մեծագոյն սակարանին մէջ սակարկութիւններու մեկնարկէն քանի մը վայրկեան ետք հիմնական ցուցանիշները նուազած են շուրջ 4,6 առ հարիւրով, իսկ դրամատուներու բաժնետոմսերու գինը` աւելի քան 5 առ հարիւրով:
Աւելի ուշ, երէկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 7 օր պաշտօնական սուգ յայտարարեց երկրին մէջ: