Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Կենսաթոշակային Տարիքը Բարձրացնելուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

February 2, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Փարիզի մէջ Նափոլիէոն Պոնափարթի գերեզմանին մօտ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ մահակներ օգտագործած է` կենսաթոշակային բարեփոխումներուն դէմ բողոքող ցուցարարները ետ մղելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը:

Ատկէ առաջ ամբողջ երկրի տարածքին տեղի ունեցած են գործադուլներ եւ ցոյցեր, որոնց մասնակցած են աւելի քան 1,2 միլիոն քաղաքացիներ, որոնք դէմ են կենսաթոշակային տարիքը 62-էն 64-ի բարձրացնելուն:

«Փարիզեան երթը, որուն կը մասնակցէին հարիւր հազարաւոր մարդիկ, մինչեւ վերջին պահը խաղաղ էր, սակայն ետքը տեղի ունեցան անկարգութիւններ: Ատիկա տեղի ունեցած է, երբ ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանեն ընկերվարականները մեղադրած է կենսաթոշակային բարեփոխումներուն դէմ հանդէս գալու համար: Անոր համաձայն, զօրակոչուած է 11000 ոստիկան:

Կառավարութեան նոր առաջարկներուն համաձայն, որոնք կը քննարկուին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ, մարդիկ պէտք է երկու տարի աւելի երկար աշխատին` լիարժէք կենսաթոշակ ստանալու համար:

Նախագահ Էմանուել Մաքրոն այս առաջարկը ողջունած է` իբրեւ Ֆրանսայի չափազանց թանկ համակարգը պաշտպանելու կարեւոր միջոց: Միեւնոյն ժամանակ ան ողջունած է «Ժողովրդավարական բողոքը», սակայն ըսած է, որ որեւէ անկարգութիւն պիտի պատժուի «օրէնքի ամբողջ խստութեամբ»:

Ֆրանսայի մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումներու գաղափարները խորապէս հաւանութիւն չեն ստացած, ընկերային հարցախոյզներու մասնակիցներուն 68 առ հարիւրը դէմ է անոնց:

Երկրին բոլոր աշխատաւորական միութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի ձախակողմեան եւ ծայրայեղ աջ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները դատապարտած են այդ առաջարկը:

Մաքրոնի «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը չունի խորհրդարանական մեծամասնութիւն, ուստի պէտք է ապաւինի պահպանողական հանրապետական կուսակցութեան շուրջ 60 երեսփոխանի աջակցութեան` կենսաթոշակային բարեփոխումները իրականացնելու համար:

Ասիկա Ֆրանսայի մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումներու 7-րդ փորձն է: Վերջին անգամ բարեփոխումներ կատարուած են 1982-ին` ընկերվարական նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի կողմէ, երբ ան կենսաթոշակային տարիքը նուազեցուց մինչեւ 60 տարեկան:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Շուէտը Թող Զուր Տեղը Ժամանակ Չվատնէ, Անգարան Պիտի Չհաստատէ ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Անոր Դիմումը»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Պիտի Տրամադրեն Մինչեւ 150 Քիլոմեթր Հեռահարութեամբ Հրթիռներ

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.