Թուրքիոյ տարածքին մէջ միջազգային կազային հանգոյցի ստեղծման աշխատանքները մտած են եզրափակիչ փուլ: Առաջին առեւտրական հոլովոյթը կը նախատեսուի կատարել այս տարի: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ:
«Թուրքիոյ մէջ բնական կազի բաշխման եւ առեւտուրի կեդրոնի ստեղծման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին: Մենք կը պատրաստուինք առաջին առեւտրական գործողութիւնը կատարել արդէն այս տարի», ըսած է նախարարը:
Տէօնմեզ յայտնած է, որ կեդրոնի ստեղծման նախագիծի իրականացման մասնակցելու վերաբերեալ բանակցութիւններ վարուած են շարք մը երկիրներու հետ:
«Բոլոր պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց հետ մենք այդ հարցը քննարկած ենք, յայտարարած են նախագիծին աջակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը», ըսած է ան: