Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Մոլտովան Պիտի Ըլլայ Յաջորդ Ուքրանիան. Լաւրով. «Ուաշինկթըն Ուղղակի Կերպով Մեղսակից Է «Նորտ Սթրիմ» Խողովակաշարի Ականահարման»

February 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմուտքը «յաջորդ Ուքրանիոյ» դերին համար այժմ «կը դիտարկէ» Մոլտովան, անոր նախագահ Մայա Սանտուն պատրաստ է գրեթէ ամէն ինչի: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Լաւրով:

Պատասխանելով «Ռուսիոյ շուրջ գտնուող երկիրներէն ո՞ր մէկը կրնայ Ուքրանիոյ ուղիով ընթանալ» հարցումին` Լաւրով ըսաւ. «Հիմա այդ դերին համար կը դիտարկեն Մոլտովան: Նախ, որովհետեւ անոնք (Արեւմուտքը) կրցան շատ որոշակի մեթոտներով` ազատ ժողովրդավարութենէն շատ հեռու, երկրին մէջ դնել նախագահ մը, որ պարզապէս կ՛ուզէ, կը տենչայ անդամակցիլ ՕԹԱՆ-ին, ունի Ռումանիոյ քաղաքացիութիւն, պատրաստ է միաւորուիլ Ռումանիոյ հետ եւ ընդհանրապէս պատրաստ է գրեթէ ամէն ինչի»:

Ան ըսաւ. «Մոսկուան չէ դիմած ՀԱՊԿ-ի իր գործընկերներուն Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան առնչուած օգնութեան խնդրանքով: Ռուսիան ունի այն ամէնը, ինչ որ իրեն պէտք է զինուորական յատուկ գործողութեան խնդիրները լուծելու, այդ պատերազմը աւարտելու համար»:

Ան նշեց, որ բոլոր կողմերը «կ՛ուզեն Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալ, սակայն ժամանակի ազդակը գլխաւոր ազդակը չէ»` աւելցնելով, որ Արեւմուտքը Քիեւին որքա՛ն հեռահար զէնքեր տրամադրէ, այդ զէնքերը ռուսական հողերէն հեռացնելու կարիքը այդքան կը մեծնայ:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց «Նորտ Սթրիմ» կազի խողովակաշարի ականահարման ուղղակի կերպով մեղսակից ըլլալու յանցանքով:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ գործունէութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան արտօնութիւնը աւելորդութիւն է:

Նարիշքին. «Ռուսիոյ Ռազմավարական
Պարտութիւնը Անկարելի Է»

«ՕԹԱՆ-ը (Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ) կը շարունակէ բարձրացնել գրաւը, որովհետեւ Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութեան մասին երազանքները տակաւին կը պահպանուին Արեւմուտքին մէջ: Նման բան, սակայն, պիտի չըլլայ», «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին:

«Մենք կ՛արձանագրենք Քիեւի խամաճիկային վարչակազմին տրամադրուող սպառազինութեան քանակի եւ տեսականիի ընդլայնումը, ինչ որ կը բացատրուի հետեւեալ տրամաբանութեամբ. Միացեալ Նահանգները, անոր դաշնակիցները հաստատակամ են Ռուսիոյ հետ պատերազմելու մինչեւ վերջին ուքրանացին», ըսած է Նարիշքին:

 

Նախորդը

«Թել Աւիւ Պատասխանատու Է Իսֆահանի Յարձակումին, Եւ Իրաւունք Ունինք Հակադարձելու» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Ուժանիւթի Հարցերով Փոխօգնականը Կ՛այցելէ Պաքու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.