Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Միացեալ Նահանգներու Երկինքին Վրայ Չինաստանի Հետախուզական Օդապարիկ Յայտնաբերած Է

Փետրուար 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը քանի մը օրէ ի վեր երկրի հիւսիսային մասին վերեւ կը հետեւի հետախուզական օդապարիկին: Այս մասին ըսած է Փենթակոնի բանբեր Փաթրիք Ռայտըր:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթի աղբիւրներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը կարծեն, որ 3 փոխադրակառքի մեծութեամբ օդապարիկը արձակած է Չինաստանը:

«Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ի տուեալներով` օդապարիկը յայտնաբերուած է չորեքշաբթի, 1 փետրուարին, Մոնթանայի Պիլինկզ քաղաքի երկինքին վրայ, ան թռած-անցած է նաեւ Ալէուտեան կղզիներուն եւ Քանատայի վրայէն:

Փենթակոնի անանուն բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսած էր, որ օդապարիկը տակաւին կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու երկինքը, սակայն, մերժած է յայտնել անոր գտնուելուն ստոյգ վայրը:

Նոյն օրը Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին հանդիպումի հրաւիրած է զինուորական պաշտօնատարները` քննարկելու հակազդեցութեան հաւանական տարբերակները:

Փենթակոն գործողութեան բոլոր տարբերակները ներկայացուցած է նախագահ Ճօ Պայտընին. վերջինս առաջարկած է վար առնել զայն: Սակայն Փենթակոն առարկած է` պատճառաբանելով, որ երեք փոխադրակառքի մեծութեամբ օդապարիկի բեկորները վտանգ պիտի ներկայացնեն «գետինը գտնուող մարդոց անվտանգութեան»:

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի, Պայտընն է, որ նոյն պատճառով մերժած է օդապարիկը վար առնելու Փենթակոնի առաջարկը:

Նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը բացատրած է, որ օդապարիկը քաղաքային թռիչքներու համար վտանգ չի ներկայացներ:

«Մեր գնահատումով, այս գունդը սահմանափակ յաւելեալ արժէք ունի հետախուզական տուեալներու հաւաքման առումով… Բայց եւ այնպէս, մենք կը ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն` պաշտպանուելու օտարերկրեայ հետախուզութեան կողմէ գաղտնի տեղեկութեան հաւաքագրումէն», ըսած է անանուն պաշտօնատարը:

«Ուոլ Սթրիթ     Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով իր մօտ կանչած է Ուաշինկթընի մէջ Չինաստանի դեսպանատան գործավարը:

Յիշեցնենք, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սրեցան, երբ օգոստոս 2022-ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան այն ժամանակուան նախագահ Նենսի Փելոսի այցելեց Թայուան, որ Չինաստանի իշխանութիւնները կը նկատեն իրենց տարածքը:

Յունուարին Միացեալ Նահանգներու օդուժի օդային շարժունակութեան հրամանատարութեան ղեկավար Մայք Մինիհան նախատեսած էր, որ 2025 թուականին Չինաստանի հետ ուղիղ բախում տեղի ունենայ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փեքին կոչ ուղղած է չուռճացնելու Միացեալ Նահանգներու տարածքին վերեւ չինական հետախուզական օդապարիկի յայտնաբերման հարցը: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ առաջարկած է սպասել միջադէպի բոլոր փաստերու յստակացման:

«Կ՛ուզեմ շեշտել, որ քանի տակաւին փաստերը յայտնի չեն, շահարկումներն ու շփոթները կարգաւորման ճիշդ ուղին չեն», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

«Փաթրիոթ» Հրթիռային Համակարգերէն ու «Ապրամզ» Հրասայլերէն Ետք. Ուաշինկթըն Համաձայնած Է Հեռահար Ռումբեր Ուղարկել Ուքրանիա

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Կեղտոտ Ձեռքերդ Վերցո՛ւր Թուրքիոյ Վրայէն»

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?