Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները խոչընդոտներ կը ստեղծեն Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ճամբուն վրայ:
«Ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ականներ կը դնեն, յատկապէս Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ճամբուն վրայ: Շուէտը յատուկ կը կանգնի ատոնց վրայ: Ան կրնայ զանոնք մաքրել, եթէ ցանկայ», ըսած է Չաւուշօղլու:
Ան ընդգծած է, որ թրքական կողմը չի կրնար պարգեւատրել անոնք, որոնք չեն կատարեր համաձայնութիւնները: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ Անգարան պատրաստ պիտի ըլլայ քննարկելու «Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցը, միայն Սթոքհոլմի ստանձնած պարտաւորութիւններու կեանքի կոչումէն ետք:
«Սակայն ստեղծուած կացութեան մէջ Թուրքիան չի կրնար համաձայնիլ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելուն», ընդգծած է ան:


