«Իրանի ոստիկանութիւնն ու անվտանգութեան ուժերը որեւէ լուրջ քայլի չեն ձեռնարկած Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումին ընթացքին», Պաքու հասած թրքական պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ահաբեկիչը չէզոքացուած է դեսպանատան աշխատակիցի հերոսական ջանքերուն շնորհիւ, ատոր շնորհիւ ալ կանխարգիլուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միւս աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն վրայ յարձակումը», յայտարարած է Ալիեւ` իրանցի իրաւապահները մեղադրելով անգործութեան մէջ, «հակառակ այն իրողութեան, որ ահաբեկչական յարձակումը բաւական երկարատեւ եղած է»: