Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Նէօէ Ցիւրխըր Ցայթունկ»-ին. Պայտըն Առաջարկած Է Խաղաղութեան Դիմաց Ուքրանիոյ Տարածքի Շուրջ 20 Առ Հարիւրը Տալ Ռուսիոյ

February 6, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ յունուարի կէսերուն խաղաղութեան ծրագիր առաջարկած է Քիեւին եւ Մոսկուային: «Քոմերսանթ» կը գրէ, որ նման յայտարարութիւն կատարած է «Նէօէ Ցիւրխըր Ցայթունկ» օրաթերթը:

Ըստ զուիցերիական օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Պըռնզը ուղարկած է Քիեւ եւ Մոսկուա` խաղաղութեան դիմաց Ուքրանիոյ տարածքի շուրջ 20 առ հարիւրը ռուսական կողմին փոխանցելու առաջարկով: Հրատարակութեան տուեալներով` երկու կողմերն ալ մերժած են առաջարկը:

Կը հաղորդուի, որ Պայտըն ուզած է այս ձեւով խուսափիլ Ուքրանիոյ մէջ տեւական պատերազմէն: «Նէօէ Ցիւրխըր Ցայթունկ»  նաեւ նշած է, որ այս ծրագիրի ձախողութենէն ետք է, որ Սպիտակ տան ղեկավարը որոշած է «Ապրամզ» տիպի հրասայլեր մատակարարել Քիեւին:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պըռնզ յունուարին գաղտնի այցելած է Մոսկուա: «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը նախապէս գրած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը յունուարի կէսերուն Քիեւի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցած է նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:

Ըստ «Նէօէ Ցիւրխըր Ցայթունկ»-ին, ուքրանական իշխանութիւնները չեն ուզեր իրենց տարածքի բաժանումը, իսկ Ռուսիոյ իշխանութիւնները վստահ են, որ «ամէն պարագայի, երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ անոնք պիտի յաղթեն պատերազմին մէջ»:

Սակայն «Սի.Այ.Էյ.»-ի անանուն պաշտօնատար մը «Նիուզուիք»-ին ըսած է, որ զուիցերիական օրաթերթի պնդումները «ամբողջովին կեղծ են»: Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Շոն Տաւեթ «Նիուզուիք»-ին ըսած է, որ «Նէօնէ Ցիւրխըր Ցայթունկ»-ի հրապարակումը «ճշգրիտ չէ»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց, թէ Պըռնզ այդպիսի առաջարկ մը կատարած է: «Այս տեղեկութիւնը կեղծ է», ըսաւ ան: Փեսքով նաեւ հերքեց, թէ «Սի. Այ. Էյ.»-ի տնօրէնը յունուարին գաղտնաբար այցելած է Մոսկուա:

 

Նախորդը

Ալիեւ Իրանցի Իրաւապահները Կը Մեղադրէ Անգործութեան Մէջ

Յաջորդը

«Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելուն Կը Խոչընդոտեն Ահաբեկչական Կազմակերպութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.