Զելենսքի. «Մաքրոն Ժամանակ Կը Կորսնցնէ` Փորձելով Երկխօսութիւն Կատարել Փութինի Հետ»
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կարծիքով` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր ժամանակը կը վատնէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ երկխօսութիւն կառուցելու համար: Իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթի լրագրողը Զելենսքիին հարցուցած է, թէ համաձա՞յն է Մաքրոնի այն դիրքորոշման, թէ «Ռուսիոյ պէտք է յաղթել, սակայն ոչ ջախջախել», եւ որ պէտք է Փութինի հետ երկխօսութիւնը բաց պահել: «Ատիկա անիմաստ երկխօսութիւն պիտի ըլլայ, իրականութեան մէջ...




















