Ամիսներ տեւած քննարկումներէ ետք, Միացեալ Նահանգներ համաձայն գտնուած են հեռահար ռումբեր ուղարկելու Ուքրանիա: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները:
Ուաշինկթըն ցամաքային ռումբեր պիտի մատակարարէ իբրեւ 2,17 միլիառ տոլար օգնութեան մաս:
Ամիսներ շարունակ ամերիկեան իշխանութիւնները չէին կրնար որոշում կայացնել հեռահար զէնքի համակարգեր Ուքրանիա ուղարկելու շուրջ` զգուշանալով, որ անոնք պիտի օգտագործուին Ռուսիոյ մէջ գտնուող թիրախներու դէմ` սրելով տագնապը եւ Միացեալ Նահանգները ներքաշելով անոր մէջ:
Հեռահար ռումբերը յաւելեալ ժամանակակից սպառազինութեան համակարգ են` «Ապրամզ» հրասայլերէն եւ «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգերէն ետք, որոնք Միացեալ Նահանգներ ի վերջոյ համաձայնեցան տրամադրել Ուքրանիոյ` սկիզբը մերժելէ ետք: Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի պաշտօնատարները կը շարունակեն մերժել հալածիչներ տրամադրելու Ուքրանիոյ խնդրանքները:
Պաշտօնատարները յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի ուղարկեն չճշդուած թիւով փոքր տրամագիծով ռումբեր` 150 քիլոմեթր հեռահարութեամբ:
Միւս կողմէ, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ երէկ յայտարարեց, որ յառաջիկայ 6 ամիսը Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի վերջնական արդիւնքի ճշդման համար «վճռորոշ» պիտի ըլլայ:


