Ֆինլանտան երէկ պաշտօնապէս դարձաւ ՕԹԱՆ-ի անդամ: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ «Ֆինլանտայի անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի եւ Պալթեան շրջանին համար շատ կարեւոր է»` շեշտելով. «ՕԹԱՆ-ի դուռը բաց է որեւէ ժողովրդավարական երկրի համար, որ կ՛ուզէ դաշինքին միանալ»:
«Ֆինլանտան այսօրուընէ պիտի ստանայ անվտանգութեան բոլոր երաշխիքները, որոնք ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը անոր կը տրամադրէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք ՕԹԱՆ-ին միացող որեւէ պետութեան դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն պիտի զսպենք»:
Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «միայն Ուքրանիոյ չսպառնաց, այլ իւրաքանչիւր եւրոպական պետութեան, որ կ՛ուզէ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու անկախ որոշում տալ»:
«Փութինի հիւլէական հռետորաբանութիւնը վտանգաւոր է եւ անխոհեմ, եւ մինչեւ հիմա ռուսական հիւլէական զէնքերու տեղակայման որեւէ փոփոխութիւն չտեսանք», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու իր կարգին յայտնեց. «Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը կ՛ամրապնդէ դիմակայման ընդլայնման վտանգը, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ անոր` Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամական ուղղուածութիւնը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց. «Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ Մոսկուայի եւ Հելսինքիի միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ»:
Նշենք, որ Ռուսիան Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նախօրեակին ամրապնդեց Ռուսիա-Ֆինլանտա սահմանին վրայ իր ուժերը: