Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը ճիշդ 12:15-ին Իսրայէլ յարձակում մը գործած է` բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռներ արձակելով Դամասկոսի մերձակայքին եւ հարաւային շրջանին վրայ:
Յարձակումին պատճառով 2 քաղաքայիններ զոհուած են եւ նիւթական վնասներ արձանագրուած են: Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: