Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 5-էն 7 ապրիլ Չինաստան պետական այցելութիւն պիտի տայ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոնի հետ պիտի քննարկէ համագործակցութեան ամրապնդումն ու գլխաւոր հարցերը:
Մաքրոն 24 մարտին Պրիւքսելի մէջ յայտարարած էր, թէ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն այցելութեան ծրագիրի մէկ բաժինին իրեն պիտի ընկերակցի` մեկնելով եւրոպական միասնականութեան սկզբունքէն, «որ Չինաստանի հետ հաւասարակշռուած գործընկերութեան կառուցման հիմնական նախապայման կը ներկայացնէ»:
Էլիզէի պալատը ուրբաթ օր յայտարարեց. «Մաքրոն իր այցելութիւնը պիտի օգտագործէ իր պաշտօնակից Շի Ճինփինկի հետ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան վերականգնման համար աշխատելու»:
«Ֆրանսայի եւ Չինաստանի նախագահները Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին շուրջ խոր քննարկումներ պիտի կատարեն` միջազգային օրէնքի, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ խաղաղութեան վերականգնման ուղղութեամբ աշխատելու համար», նշեց Էլիզէի պալատը: