Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան շաբաթ օր յայտնեց, որ «յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենայ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ` իրենց հանդիպումի թուականի եւ վայրի վերջին ձեւաւորման համար:
Ան լրագրողներուն ըսաւ. «Յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին իմ սէուտցի պաշտօնակիցիս հետ պիտի խօսիմ ու խորհրդակցիմ, եւ ատոր ընթացքին մեր ժողովի թուականին ու վայրին շուրջ պիտի համաձայնինք»:
Ապտոլլահեան նշեց, որ Փեքինի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին այս մասին համաձայնութիւն գոյացած է, եւ ատոր մէջ կեդրոնացած են ապահովական հարցերու, կարգ մը բացթողումներու եւ լարուածութիւններու վրայ: Բանակցութիւններուն ընթացքին «աշխատանք տարուեցաւ փարատելու երկու կողմերուն մօտ գոյութիւն ունեցող սխալ հասկացողութիւնն ու խնդիրները»` աւելցնելով, որ Չինաստանի միջնորդութեամբ բանակցութիւններէն առաջ Պաղտատի մէջ բանակցութիւններու 5 փուլ, իսկ Մասքաթի մէջ 3 փուլ տեղի ունեցած է:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել համաձայնութեան մանրամասնութիւնները գործադրելու աշխատանքին եւ զայն յարգելուն վրայ», ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ փոխադարձ այցելութիւններու հրաւէրներուն վրայ:
Նշենք, որ Փեքինի մէջ գոյացած համաձայնութենէն ետք, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները երկու անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան, եւ համաձայնեցան Ռամատան ամսուան ընթացքին հանդիպում ունենալու:


