Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլի Վերջաւորութեան Ասատ-Սիսի Հաւանական Հանդիպո՞ւմ

April 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի կրնայ ապրիլի վերջաւորութեան հանդիպում ունենալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Աղբիւրները հաւանական վեհաժողովին թուականն ու վայրը չեն նշած:

Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն, Եգիպտոս եւ Սուրիա բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած բանակցութիւններ կը վարեն Սուրիոյ մէջ պատերազմին պատճառով աւելի քան տասը տարիէ ի վեր սառեցուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու համար:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, որ բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան, մինչ Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական քարտէսի վերադասաւորման արագ զարգացումներով Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման արաբական ջանքեր գոյութիւն ունին:

Գահիրէ կամ Դամասկոս ամերիկեան օրաթերթին հրապարակած լուրը չեն մեկնաբանած:

Շաբաթ օր, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցած է իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի հետ: Անոնք քննարկած են «երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը»:

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Մքտատ Գահիրէ այցելած է` ընդառաջելով իր եգիպտացի պաշտօնակիցին հրաւէրին` քննարկելու համար երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ շրջանի եւ աշխարհի մէջ վերջին զարգացումները:

Ասիկա նոյեմբեր 2011-ին Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ աթոռի սառեցումէն ետք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի Եգիպտոս առաջին այցելութիւնն էր:

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը 27 փետրուարին իր կարգին այցելած էր Սուրիա:

 

Նախորդը

«ՖԻՏԷ». Մարիամ Մկրտչեան` Առաջին Հարիւրին Մէջ

Յաջորդը

Սուրիական Պատուիրակութիւն Մը Մեկնած Է Մոսկուա` Վաղը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ Մասնակցելու Համար Քառակողմ Ժողովին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.