Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկուան Եւրոպական Միութիւնը կը նկատէ ոչ բարեկամական միաւորում: Ան այս մասին յայտնած է «Արկիւմենթի է Ֆաքթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Եւրոպական Միութիւնը կորսնցուց Ռուսիան, սակայն ասոր համար մեղաւորը ինքն է: Ի վերջոյ, ինքնին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներն ու ինքնին միութեան ղեկավարները բացայայտ կը յայտարարեն Ռուսիան ռազմավարական պարտութեան մատնելու անհրաժեշտութեան մասին… Այս պատճառներով մենք Եւրոպական Միութիւնը կը նկատենք ոչ բարեկամական միաւորում», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ զէնք կու տայ, ինչպէս նաեւ հրահանգիչներ եւ վարձկաններ կ՛ուղարկէ: Անոր համաձայն, Ռուսիան համապատասխան եզրակացութիւններ ըրած է եւ «անհրաժեշտութեան պարագային կոշտ» պիտի գործէ: