Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոս Այցելելով Ասատը Պաշտօնապէս Պիտի Հրաւիրէ Արաբական Վեհաժողովին

April 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ` մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ Դամասկոս` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին Արաբական վեհաժողովին մասնակցելու պաշտօնական հրաւէր յանձնելու համար:

Աղբիւրները «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են. «Սէուտական Արաբիան կը ծրագրէ` Սուրիոյ շրջանային մեկուսացումին պաշտօնապէս վերջ տուող քայլով մը Ասատը հրաւիրելու 19 մայիսին Ռիատի հիւրընկալելիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին»:

Աղբիւրները նշած են. «Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Դամասկոս Ֆայսալ պըն Ֆարհանի այցելութեան կամ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի Ռիատ այցելութեան շուրջ նախնական բանակցութիւնները յետաձգուած են փետրուարին Թուրքիան եւ Սուրիան հարուածած երկրաշարժի պատճառով»:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը նախապէս յայտնած էր, որ գոյութիւն ունի միջազգային ընտանիքին հետ խորհրդակցաբար արաբական աշխատանք մը Դամասկոսի հետ «անխուսափելի» երկխօսութիւն պատրաստելու համար` աւելցնելով. «Պէտք է մեր ուղին գտնենք շրջանցելու ներկայ կացութեան յառաջացուցած մարտահաւէրները, ինչ կը վերաբերի գաղթականներուն եւ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` մէջբերելով սէուտցի եւ սուրիացի պաշտօնատարներ, հաղորդած էր, որ բանակցողներ աշխատանք կը տանին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարին ապրիլի վերջաւորութեան Ֆիթրի տօնի արձակուրդէն ետք այցելութենէն առաջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Սէուտական Արաբիայէն, Սուրիայէն եւ արաբական այլ պետութիւններէ պաշտօնատարները աւելցուցած են. «Ռուսական կառավարութիւնը սկզբունքային համաձայնութեան գոյացման համար միջնորդութիւն կատարեց, երբ Սուրիոյ նախագահը անցեալ շաբաթ Մոսկուա այցելեց, ապա սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վերջին շաբաթներուն այցելած են Սէուտական Արաբիա»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նշեց, որ եթէ պաշտօնական համաձայնութիւն գոյանայ, ապա «Սուրիան աւելի լայն շրջանի մէջ վերահամարկելն ու զայն վերակառուցելը պիտի ըլլան յառաջիկայ արաբական վեհաժողովի օրակարգին վրայ»:

 

Նախորդը

Սուրիական Պատուիրակութիւն Մը Մեկնած Է Մոսկուա` Վաղը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ Մասնակցելու Համար Քառակողմ Ժողովին

Յաջորդը

Յառաջիկայ Ժամերուն Ապտոլլահեան-Պըն Ֆարհան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Ճշդելու Համար Իրենց Հանդիպումին Թուականն ու Վայրը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.