Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտ ցուցմունք տուաւ Դամասկոսի մէջ Թունուզի դեսպանի նշանակման գործողութիւններուն սկսելու:
Սայիտ 11 մարտին յայտնած էր, որ Թունուզի եւ Սուրիոյ միջեւ դեսպաններու չփոխանակման որեւէ արդարացուցիչ պատճառ գոյութիւն չունի:
Ան իր երկրի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Աամարին յայտնած էր, որ պէտք է այդ ուղղութեամբ որոշում տրուի` նշելով, որ Թունուզ Սուրիոյ պետութեան հետ կը գործէ, եւ բացարձակապէս կապ չունի սուրիացի ժողովուրդի ընտրանքներուն հետ:
Թունուզի նախագահը հանդիպումի ընթացքին ըսած էր, որ թունուզցի ժողովուրդը սուրիացի ժողովուրդի կողքին կը կանգնի:
Յիշեցնենք, որ «Ռոյթըրզ» կիրակի օր հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի այցելէ Դամասկոս` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Արաբական վեհաժողովին մասնակցելու պաշտօնական հրաւէր յանձնելու համար: