Երէկ Մոսկուայի տեղի ունեցաւ Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու ժողովը` քննարկելու համար Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ տեսակէտներու մերձեցման կարելիութիւնը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Այման Սուսանի գլխաւորած սուրիական պատուիրակութիւնը մէկ օր առաջ հասած էր Մոսկուա, ուր անջատ հանդիպումներ ունեցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի, ինչպէս նաեւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Ասղար Խաժիքապիրի հետ:
Սուսան քառակողմ հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիոյ աներկբայելի կերպով յայտարարելը, թէ իր ուժերը սուրիական բոլոր հողերէն պիտի հեռացնէ, «երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան վերականգնման դուռը կը բանայ»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիա անցնող 12 տարուան ընթացքին ահաբեկչական աննախադէպ պատերազմի ենթարկուեցաւ` արեւմտեան, շրջանային ու արաբական կարգ մը երկիրներու ծրագրումով, ամբողջական ու անսահման աջակցութեամբ` նշելով, որ ահաբեկիչները դրացի երկիրներուն ճամբով եկան Սուրիա: Սուսան «ռուս եւ իրանցի բարեկամներուն» շնորհակալութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ ցուցաբերած իրենց արժէքաւոր օժանդակութեան համար:
«Սուրիան դրական կերպով ընկալեց ռուս եւ իրանցի բարեկամներուն` Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հաղորդակցութիւնը վերականգնելու ջանքերը», ըսաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը` աւելցնելով. «Այդ նպատակին հասնիլը ունի իր պայմանները, առարկայական պայմաններու ապահովումը, եւ պէտք է այս հիմնական սկզբունքին գործադրութիւնը անմիջապէս գործնական կերպով սկսի իրողական գետնի վրայ»:
«Այս սկզբունքը առանց իսկական իմաստի կը մնայ, եթէ չյանգի օտար անօրինական բոլոր ուժերու, ներառեալ թրքական ուժերու, սուրիական հողերէն հեռացման սկսումին` Սուրիոյ պետութեան իր իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն, ներառեալ ահաբեկիչներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն վրայ վերականգնումը չխոչընդոտելով»:
«Մինչեւ հիմա, Սուրիայէն թրքական ուժերու հեռացման կամ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ, մասնաւորաբար Իտլիպի շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ու արմատախլման եւ այդ շրջանին մէջ պետութեան իշխանութեան վերականգնման որեւէ դրական ցուցանիշ չտեսանք, ընդհակառակն` Թուրքիան մինչեւ իսկ յանձնառու չդարձաւ այն փոխհասկացողութիւններուն, որոնք գոյացան Ասթանայի ծիրին մէջ կամ ռուսական կողմին հետ», ընդգծեց ան:
«Ծանօթ է, որ կարգ մը պետութիւններու տագնապի սկիզբէն ի վեր Սուրիոյ պետութիւնը տկարացնելու սխալ քաղաքականութիւնը յանգեցուց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ անջատողական ձգտումներ ունեցող միլիսներու եւ գոյացութիւններու գոյութեան», նշեց ան` շեշտելով. «Դրացի պետութիւններու միջեւ հասարակաց սահմաններու հսկման պատասխանատուութիւնը հասարակաց պատասխանատուութիւն է, եւ գործակցութեամբ կ՛ըլլայ, ոչ թէ` միակողմանի միջամտութեան կամ անօրինական քայլերով, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւս ընտրովի չ՛ըլլար»:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիան դեկտեմբեր 2022-ին հիւրընկալեց 2011-ին սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան սուրիական տագնապի եւ գաղթականներու հարցի լուծման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միացեալ ջանքերը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները որոշած են քառակողմ ժողովի ճամբով հաղորդակցութիւնները շարունակել:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Ժողովի մասնակիցները իրենց ուղղակի եւ անկեղծ կերպով ճշդեցին, եւ որոշեցին շարունակել հաղորդակցութիւնները»` աւելցնելով, որ ժողովի մասնակիցները քննարկած են նշեալ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ ժողովի նախապատրաստման կարելիութիւնները: