Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Նախագահը Սէուտական Արաբիա Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Գահաժառանգ Պըն Սալմանի Հետ

Ապրիլ 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երկուշաբթի օր Ժետտա այցելութենէն անմիջապէս ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով իր ուրախութիւնը յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալմանի հետ հանդիպելուն համար: Վերջինս Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն խորութիւնն ու ամրութիւնը ընդգծած է:

Սիսի գրեց, որ անհամբեր կը սպասէ երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու` ի նպաստ «հասարակաց շահերուն եւ երկու մեծ ժողովուրդներու ձգտումներուն»:

Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, երկու կողմերը քննարկած են «երկկողմանի սերտ ու պատմական յարաբերութիւնները», համագործակցութեան, զայն տարբեր ոլորտներու մէջ ամրապնդելու եւ զարգացնելու հեռանկարները:

Եգիպտոսի նախագահն ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը նաեւ քննարկած են շրջանային ու միջազգային կացութեան զարգացումները, անոնց նկատմամբ թափուած ջանքերն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող բոլոր հարցերը:

Հանդիպումին Սէուտական կողմէն ներկայ եղած են Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մուսայետ պըն Մոհամետ Ապիան եւ պետական նախարար Իսամ պըն Սաատ պըն Սայիտ, իսկ եգիպտական կողմէն` գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ապպաս Քամել:

Եգիպտոսի նախագահը Սէուտական Արաբիա կ՛այցելէ, մինչ մեծ ջանքեր կը թափուին շրջանին մէջ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կարգաւորելու, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու քայլեր կ՛առնեն:

Սիսի երկուշաբթի գիշեր Սէուտական Արաբիա մեկնեցաւ, մինչ Գահիրէ կը ջանայ օժանդակութիւն ստանալ նուազեցնելու համար ազգային դրամանիշին վրայ ճնշումն ու աջակցելու համար դժուարութեան մատնուած տնտեսութեան:

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Քննարկեն Յառաջիկայ Քայլերը` Եռակողմ Համաձայնութեան Լոյսին Տակ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?