Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիան եւ Իրանը երբեք բախտախաղի չդիմեցին, եւ իրենց երկիրներուն ու ժողովուրդներուն ճակատագիրը օտարին ձեռքը չտուին: Անոնք ի վերջոյ իրաւունքի յաղթանակին վրայ գրաւ դրին եւ այդ գրաւը յաղթեցին»:
«Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները լաւ կայացած են եւ հիմնուած չորս տասնամեակ առաջ, անոնք ներկայացման կարիք չունին եւ խորքով ու փորձառութեամբ հարուստ են», ըսաւ Ասատ:
Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ երբ 1980-ին 8 տարի շարունակ Իրանի դէմ «անիրաւ պատերազմ շղթայազերծուեցաւ, Սուրիան` հակառակ օրին կատարուած սպառնալիքներուն ու գայթակղութիւններուն, Իրանի կողքին կանգնելու չտատամսեցաւ: Երբ 12 տարի առաջ Սուրիոյ դէմ պատերազմ շղթայազերծուեցաւ, Իրանը` դարձեալ հակառակ սպառնալիքներուն ու գայթակղութիւններուն, չտատամսեցաւ Սուրիոյ կողքին կանգնելու, եւ չտատամսեցաւ քաղաքական ու տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելու, այլ նաեւ արիւն թափեց, եւ արիւնը ամէնէն յարգին է, որ մարդը կրնայ իր եղբայրը եղող մարդուն տալ: Այս պատճառներով Իրանի նախագահի այցելութիւնը կարեւոր է: Անոր կարեւորութիւնը կը բխի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորքէն, եւ անցեալէն բխող այդ խորքը վստահութեամբ եւ հաստատաքայլ կերպով դէպի ապագայ կ՛ուղղուի»:
Ասատ եւ Ռայիսի երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ համապարփակ ռազմավարական գործակցութեան ծրագիրի շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը ստորագրեցին:
Անոնք նաեւ հողագործութեան ոլորտին շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը ստորագրեցին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ երկաթուղիի ոլորտին մէջ գործակցութեան շուրջ ժողովի ատենագրութիւնը ստորագրեցին: Անոնք նաեւ քարիւղի ոլորտին մէջ գործակցութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթեր ստորագրեցին:
Իրանի նախագահը իր խօսքը Ասատին ուղղելով ըսաւ. «Սուրիան, կառավարութիւն եւ ժողովուրդ, մեծ դժուարութիւններէ անցաւ: Կրնանք ըսել, որ այդ խնդիրները շրջանցեցիք»` աւելցնելով, որ Սուրիան յաղթանակ արձանագրեց, հակառակ սպառնալիքներուն եւ անոր դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, մեկնաբանելով Իրանի նախագահի Սուրիա այցելութիւնը, շրջանային մակարդակի վրայ կարեւոր թայմինկի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ եւ անոր պատգամն է` «մենք յաղթեցինք, եւ մեր ռազմավարական դաշինքը կարելի չէ կոտրել»:
Անոնք նաեւ նշեցին, որ այդ այցելութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան նոր ժամանակաշրջանի արտայայտութիւնն է. ժամանակաշրջան մը, ուր անոնք աւելի յանդուգն են եւ ռիսքի դիմող: