Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ գործող ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի կեդրոնը հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ ան սրտի կաթուած անցուցած է եւ հիւանդանոց փոխադրուած: Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարած է, որ պետութեան ղեկավարը «թեթեւ մսած է», եւ անոր վիճակը գնահատած «շատ լաւ»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահապեր»-ը:
«Այն պնդումները, թէ նախագահ Էրտողան սրտի կաթուած անցուցած եւ հիւանդանոց փոխադրուած է, չեն համապատասխաներ իրականութեան: Նախագահը ուղիղ սփռումի միջոցով պիտի մասնակցի «Աքքույու» հիւլէական կայանին մէջ վառելանիւթի առաջին բեռնումի արարողութեան», նշուած է նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Էրտողան մէկ օր առաջ չեղեալ նկատած էր իր մասնակցութեամբ շարք մը միջոցառումներ: Մասնաւորաբար, չեղեալ յայտարարուած են 27 ապրիլին նախատեսուած Մերսին եւ Օսմանիէ քաղաքներուն մէջ ընտրական հաւաքները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Անատոլուի նահանգներուն մէջ երեք ելոյթ:
Էրտողանի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր պատկերասփիւռի ուղիղ սփռումի ժամանակ: Երեքշաբթի, 25 ապրիլին, Էրտողան երեք նախընտրական խօսք ունեցած է 14 մայիսին նշանակուած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին: Ան երեկոն պէտք էր աւարտէր «Իւլքէ Թի.Վի.» եւ «Չանըլ 7»-ի հետ միացեալ ուղիղ սփռուած հարցազրոյցով:
Ան հարցազրոյցը սկսած էր նախատեսուածէն մէկուկէս ժամ ուշ, սակայն հաղորդման մեկնարկէն 10 վայրկեան ետք հաղորդումը ընդհատուած է: Որոշ ժամանակ ետք ուղիղ սփռումը շարունակուած էր, Թուրքիոյ նախագահը ներում հայցած էր ուղիղ եթերի ժամանակ իր անհանգստանալուն համար:
«Երէկ եւ այսօր ծանր օրեր էին, ես հիւանդացած եմ ստամոքսի կրիփով: Որոշ պահու մտածեցի, որ սխալ պիտի հասկցուի, եթէ մենք ջնջենք ծրագիրը: Մենք խոստացած ենք: Ես կը հայցեմ դիտողին ներողամտութիւնը», ըսած էր Էրտողան:


