Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի Սուտանի Մէջ Իր Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկէ

Ապրիլ 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեց, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր է չմիջամտելու որեւէ երկրի, ներառեալ Սուտանի ներքին հարցերուն:

Սիսի եգիպտական զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի ժողովէն ետք յայտնեց, որ «եգիպտական քաղաքականութիւնը միշտ ալ հաւասարակշռութեամբ յատկանշուած է»` նշելով, որ ինք սուտանեան կողմերուն միջնորդութիւն առաջարկած է:

«Այն, ինչ որ Սուտանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, ներքին հարց է, եւ պէտք չէ որեւէ կողմ անոր միջամտէ», նշեց Սիսի:

Եգիպտոսի նախագահը նշեց. «Ներքին բախումները ի շահ Սուտանի չէ, եւ պէտք է բանակցութեան սեղան նստիլ Սուտանի մէջ կացութեան յաւելեալ վատթարացում կանխարգիլելու համար»:

Սիսի ըսաւ, որ Սուտան գտնուող եգիպտական ուժերը ապահով են` աւելցնելով. «Եգիպտական ուժերը այդտեղ ներկայ էին սուտանեան պետութեան հետ արձանագրութեան հիմամբ, անոնք մարզումի համար խորհրդանշական ուժ էին եւ ոչ թէ մէկ կողմին ի վնաս միւսին աջակցելու համար»:

Ան շեշտեց, որ իր երկիրը Սուտանի հետ կը հաղորդակցի եգիպտական ուժերու անվտանգութիւնը ապահովելու համար` յոյս յայտնելով, որ այդ ուժերը կարելի եղածին չափ շուտ կը վերադառնան Եգիպտոս:

Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամրօ Մուսա իր կարգին նշեց Սուտանը ներկայ իրադարձութիւններու հետեւանքներէն զերծ կացուցելու մէջ Եգիպտոսի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` մատնանշելով, որ արաբական կարգ մը երկիրներու շահերը կրնան հակասել Եգիպտոսի` Սուտանի մէջ աւելի խոր եղող շահերուն:

Մինչ այդ, Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի եւ այլ շրջաններու մէջ շաբաթ, 15 ապրիլէն ի վեր Սուտանի բանակին ու Արագ աջակցութեան ուժերուն միջեւ ընթացող բախումները կը շարունակուին, հակառակ անոր որ երկու կողմերը անջատ հաղորդագրութիւններով յայտարարած են, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են «մարդասիրական պարագաներու համար անվտանգ միջանցքներ» բանալու շուրջ:

Արագ աջակցութեան ուժերը երէկ դարձեալ յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ ուղղակի հաղորդակցութեան հիմամբ եւ «եղբայրական ու բարեկամ» պետութիւններու ջանքերով ժամանակաւոր զինադադար կը հաստատեն «քաղաքայիններու անվտանգ անցումի համար անվտանգ միջանցքներ բանալու համար»:

Սուտանի բանակը երէկ յայտարարեց. «Զարմանալի Կը նկատենք Արագ աջակցութեան ուժերու զինադադարի մասին յայտարարութիւնը, երբ շարք մը շրջաններու մէջ իրենց ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ կը դնեն Խարթում գալու համար»:

Բանակը նաեւ նշեց. «Վճռորոշ փուլ մուտք գործեցինք, եւ մեր ջանքերը կեդրոնացած են գործողութիւններու նպատակներու իրագործման վրայ»: Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` դատապարտելու Արագ աջակցութեան ուժերը:

Սուտանի բժիշկներու յանձնախումբը հաղորդեց, որ բախումներուն պատճառով քաղաքայիններու շարքերուն մէջ զոհերուն թիւը բարձրացած է 144-ի, իսկ քաղաքայիններու եւ զինուորականներու շարքերուն մէջ վիրաւորներուն թիւը 1409-ի:

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոս Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Ասատի Հետ

Յաջորդը

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պաքու Կ՛այցելէ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?