Արաբական լիկան յայտարարեց, որ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնած է, որ անհամբեր կը սպասէ Արաբական լիկայի յառաջիկայ ժողովներուն մէջ սուրիական տագնապի քննարկման: Արաբական լիկան այս մասին հաղորդեց Ամմանի մէջ Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի Սուրիոյ հարցով խորհրդակցական ժողովէն ետք տեղի ունեցած Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի եւ Ապուլ Ղէյթի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ «կայունութեան հաստատումէն առաջ Սուրիայէն մեր հեռացումը ոչ իրատեսական նախապայման է»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները կրնան յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ ժողով գումարել»: